Արք Կապրիէլէ Քաչիա Արք Կապրիէլէ Քաչիա  

Մշակել յստակ միջոցառումներ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներուն կանխարգիլման համար. Գերպ Քաչիա

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ Գերպ. Կապրիէլէ Քաչիա յորդորեց միջազգային ընտանիքը որդեգրել յստակ իրաւական կանոններ եւ սերտ համագործակցութիւն՝ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրները կանխարգիլելու համար։ Ան յատկապէս շեշտեց զոհերու արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը եւ երկխօսութեան համար բառերու ու հասկացողութիւններու շուրջ նախնական համաձայնութեան կարեւորութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 19 յունուարին, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ գերպ. Կապրիէլէ Քաչիա ելոյթ ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ գումարուած Դիւանագիտական համաժողովի նախապատրաստական յանձնախումբի առաջին նիստին։ Ան իր մտահոգութիւնը յայտնեց աշխարհի տարբեր տարածաշրջաններուն մէջ աճող հալածանքներուն եւ բռնութիւններուն գծով, որոնք առաւելաբար կը հարուածեն կիները, մանուկները, ինչպէս նաեւ ցեղային ու կրօնական փոքրամասնութիւնները։

Միջազգային իրաւունք եւ համախոհութեան որոնում

Իր խօսքին մէջ Արք Քաչիա շեշտեց, որ թէեւ մարդկութեան դէմ ոճիրները արգիլուած են միջազգային սովորութային իրաւունքով, սակայն անհրաժեշտ է զանոնք ամրագրել յստակ ու բացայատ իրաւական կանոններով։ Ըստ դիւանագէտին, սա պիտի նպաստէ պետութիւններու միջեւ վստահութեան ամրապնդման եւ լայն համախոհութեան գոյացման։

Յղում կատարելով Լեւոմ ԺԴ. Պապի վերջին պատգամին՝ Գերպ Քաչիա յիշեցուց, որ ցանկացած երկխօսութեան յաջողութեան նախապայմանը օգտագործուող բառերու եւ հասկացողութիւններու շուրջ համաձայնութիւնն է. «Բառերու իմաստի վերագտնումը մեր ժամանակներու գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկն է»։
Երկխօսելու համար անհրաժեշտ է համաձայնութիւն գոյացնել օգտագործուած բառերուն եւ հասկացողութիւններուն շուրջ», եւ որ «բառերու իմաստի վերագտնումը թերեւս մեր ժամանակներու գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկն է», ինչպէս ընդգծած էր Լեւոն ԺԴ. Պապը՝ անցեալ յունուար 9-ին, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին ուղղած իր խօսքին մէջ։»

Պետութիւններու պատասխանատուութիւնը եւ համագործակցութիւնը

Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը վերյիշեց 1953 թուականին Պիոս ԺԲ. Պապի հնչեցուցած կոչը, որով կը պահանջուէր միջազգային համաձայնագիրներով յստակօրէն սահմանել արգիլուած ոճիրները: Ան նշեց, որ թէեւ նախնական քննութիւններն ու դատական գործընթացները պետութիւններու ներքին իրաւասութեան դաշտին մէջ են, սակայն միջազգային համագործակցութիւնը կենսական է անդրազգային բնոյթ ունեցող յանցանքներուն դիմագրաւելու համար: Յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձուի այն երկիրներուն, որոնք չունին բաւարար կարողութիւն իրենց պարտաւորութիւնները կատարելու համար:

Զոհերու իրաւունքներու պաշտպանութիւն

Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ զոհերու եւ վկաներու վիճակին: Գերպ. Քաչիա ընդգծեց, որ որեւէ իրաւական գործընթացի կեդրոնը պէտք է ըլլայ մարդը: Զոհերու տառապանքը կը պահանջէ ոչ միայն արդարադատութիւն, այլեւ՝ պաշտպանութիւն, օգնութիւն եւ երաշխիքներ, որպէսզի անոնց ձայնը լսելի դառնայ եւ արժանապատուութիւնը յարգուի:

Եզրափակելով՝ Վատիկանի ներկայացուցիչը յոյս յայտնեց, որ ձեւաւորուի բաց եւ կառուցողական երկխօսութիւն, որուն նպատակը պիտի ըլլայ մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխարգիլման կայուն եւ տեւական լուծումներու յառաջացումը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2026, 10:46