Որոնել

Յոբելինական Սուրբ Տարի. Ուխտաւորներ Յոբելինական Սուրբ Տարի. Ուխտաւորներ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապէն՝ Լեւոն ԺԴ. պատմական Յոբելեանի մը աւարտը. Աւելի քան 33 միլիոն ուխտաւորներ Հռոմի մէջ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի ընթացքին, Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան ամփոփեց 2025-ի Յոբելենական տարուան դրական հաշուեկշիռը՝ նշելով աւելի քան 33 միլիոն ուխտաւորներու ներկայութիւնը եւ Վատիկանի կազմակերպչական մեծ կարողութիւնը Քահանայապետական փոփոխութեան օրերուն։ Ան ընդգծեց, որ Սուրբ Դրան փակումով կը վերահաստատուի յոյսի պատգամը՝ միաժամանակ նոր հորիզոն մը բանալով դէպի 2033 թուականի Փրկագործութեան մեծ Յոբելեանը։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 5 յունուարին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացին ներկայացուցեցաւ Յոբելնական Սուրբ Տարուան իրադարձութեան ամփոփումը։

Եկեղեցական եւ քաղաքական բարձրասիճան անձնաւորութիւններուն ներկայութեամբ, մամլոյ ասուլիսին ելոթ ունեցաւ, Աւետարանումի վերատեսչութեան համա-Վերաստեսուչ, Գերպ Ռինօ Ֆիզիքելլա։ ներկայացնելով Յոբելինական Սուրբ Տարուան իրադարձութեան հաշուեկշիռը, գերպ Ֆիզիքելլա տեղեկացուց, որ յունուար 6-ին, Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Լեւոն ԺԴ Պապը հանդիսաւորապէս պիտի փակէ Սուրբ Պետրոսի տաճարի Սուրբ Դուռը ու այս արարողութիւնը, որուն պիտի մասնակցին Իտալիոյ նախագահն ու բազմաթիւ քաղաքական ու զինուորական անձնաւորութիւններ, կը նշէ 2025-ի Սովորական Յոբելեանի աւարտը ու այսօր երեկոյեան, կամաւորներու խորհրդանշական վերջին ուխտագնացութեամբ, պաշտօնապէս պիտի եզրափակուի այն ուղին, որ մէկ տարուան ընթացքին հիւրընկալեց միլիոնաւոր հաւատացեալներ:

Պատմական Յոբելեան

Ակնարկելով Յոյսի Նուիրուած Յոբելինական Սուրբ Տարուան, Գերպ Ֆիզիքլլեա նկատել տուաւ, որ այս Յոբելեանը պատմական էր նաեւ իր եկեղեցական անցուդարձերով. անիկա սկսաւ Ֆրանչիսկոս Պապով եւ կ'աւարտի Լեւոն ԺԴ. Քահանայապպետով, ընդգծելով որ Պապի մը յուղարկաւորութիւնն ու յաջորդի ընտրութիւնը՝ Յոբելենական ծրագրի կողքին, փաստեցին Վատիկանի կազմակերպչական մեծ կարողութիւնը ու Հռոմը մնաց միջազգային ուշադրութեան կեդրոնը՝ յաջողութեամբ դիմագրաւելով բոլոր մարտահրաւէրները:

33,475,369 ուխտաւորներ այցելեցին Հռոմ

Գերպ Ֆիզիքելլա տեղեկացուց, որ Յոբելինական տարուան թիւերը խօսուն են. 33,475,369 ուխտաւորներ այցելեցին Հռոմ՝ գերազանցելով նախնական բոլոր կանխատեսումները: Մայիս ամիսը արձանագրուեցաւ ներկայութեան անսպասելի բարձրակէտ մը ու այս յաջողութեան ետին կը կանգնի պետական եւ եկեղեցական մարմիններու սերտ համագործակցութիւնը ու այս ներդաշնակութիւնը թոյլ տուաւ իրականացնելու կարեւոր ենթակառուցուածքային աշխատանքներ՝ ի նպաստ քաղաքին:

2025 տարին եղաւ իսկական «շնորհքի ժամանակ»

Հակառակ որոշ մտահոգութիւններու, ուխտաւորներու մեծ հոսքը չխանգարեց զբօսաշրջութիւնը, ընդհակառակը՝ խթանեց քաղաքի տնտեսութիւնն ու զարգացումը, ըսաւ Գերապայծառ Ֆիզիքելլա աւելցնելով թէ Հռոմը փաստեց, որ կրնայ ըլլալ ապահով եւ հիւրընկալ քաղաք՝ արդիւնաւէտ փոխադրամիջոցներով ու առողջապահական ծառայութիւններով։ Ինչ կը վերաբերի հոգեւորական կեանքի, գերպ Ֆիզիքելլա նշեց, որ 2025 տարին եղաւ իսկական «շնորհքի ժամանակ»: Տաճարներն ու սրբավայրերը տեսան աննախադէպ բազմութիւններ, որոնք փնտռեցին աղօթք, խոստովանանք եւ ներողամտութիւն: Յոբելեանը յոյս ներշնչեց հաւատացեալներուն՝ զիրենք վերադարձնելով իրենց տեղական եկեղեցիները նորոգուած հաւատքով ու յիշողութեան մէջ պիտի մնան Թորվերկատայի երիտասարդական հաւաքը, Քարլօ Աքութիսի եւ Փիերճորճիօ Ֆրասաթիի սրբադասումները։ Այս ամէնը իրականացուց «Spes non confundit» կոնդակի նպատակը՝ վերակենդանացնել յոյսը բոլորի համար:

 Մեր հայեացքը ուղղենք դէպի 2033 թուականը՝ Փրկագործութեան 2000-ամեակ

Գերապայծառ ֆիզիքելլա ելոյթը եզրափակեց յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով աւելի քան 7,000 կամաւորներուն, որոնք իրենց ժպիտով եւ նուիրումով ապահովեցին ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ մը ու նշելով որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն Յոբելեանի ընդհանուր պատկերը դրական եւ ու Սուրբ Պետրոս տաճարին փակուող դուռը իրականութեան մէջ նոր հորիզոն մը կը բանայ՝ մեր հայեացքը ուղղելով դէպի 2033 թուականը՝ Փրկագործութեան 2000-ամեակին, որուն համար այս տարին եղաւ իմաստալից եւ նախապատրաստական կարեւոր հանգրուան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2026, 13:18