«Սուրբ Պետրոս» տաճարի Սուրբ Դրան աղիւսապատումը «Սուրբ Պետրոս» տաճարի Սուրբ Դրան աղիւսապատումը  (@Vatican Media)

«Սուրբ Պետրոս» տաճարի Սուրբ Դրան աղիւսապատումը եւ 2025-ի Յոբելեանի աւարտը

Յունուար 16-ին, «Սուրբ Պետրոս» տաճարի Սուրբ Դրան հանդիսաւոր ողիւսապատումով պաշտօնապէս փակուեցաւ 2025 թուականի Յոբելենական տարին՝ Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթիի նախագահութեամբ։ Արարողութեան ընթացքին, նորակառոյց պատին մէջ զետեղուեցաւ պրոնզէ սնտուկ մը, որ կը բովանդակէ յիշատակարաններ, մետալներ եւ դրան բանալին՝ խորհրդանշելով անցնող սուրբ տարուայ հոգեւոր ժառանգութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յունուար 16-ի երեկոյեան, Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս» տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ 2025 թուականի Սովորական Յոբելեանի առիթով բացուած Սուրբ Դրան աղիւսապատումի հանդիսաւոր արարողութիւնը, նախագահութեամբ տաճարի աւագերէց, Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին՝ ներկայութեամբ քահանայապետական արարողութիւններու պատասխանատուներուն։ Այս ծիսակատարութիւնը կը հանդիսանայ Սուրբ Տարուայ վերջին արարքը, որ կը խորհրդանշէ շնորհքի այս յատուկ շրջանի պաշտօնական փակումը։

Աղիւսապատումի գործընթացը կատարուեցաւ հետեւեալ հանգրուաններով.

Մասնագիտական աշխատանք

Սուրբ Պետրոսի արուեստանոցի (Fabbrica di San Pietro) որմնադիրները տաճարի ներսի կողմէն կառուցեցին մօտ 3200 աղիւսէ բաղկացած պատ մը՝ վերջնականապէս կնքելով դուռը։

Պրոնզէ տուփի զետեղում

Պատի մէջ զետեղուեցաւ յատուկ պրոնզէ սնտուկ մը (capsa), որուն վրայ փորագրուած են Յոյսի նուիրուած Յոբելեանը բացող Ֆրանչիսկոս Պապի եւ զայն փակող Լեւոն ԺԴ. Պապի զինանշանները։

Յիշատակարաններ

Տուփին մէջ դրուեցան վաւերագրական մագաղաթը, Սուրբ Դրան բանալին, ինչպէս նաեւ Լեւոն ԺԴ. Պապի գահակալութեան առաջին տարուայ եւ Ֆրանչիսկոս Պապի վերջին տարուայ մետալները։ Նաեւ ներառուեցան 2025-ի «Թափուռ Աթոռի» շրջանի յիշատակութիւնները։

Հոգեւոր իմաստ

Կարդինալ Կամպեթթին աղօթեց բոլոր այն ուխտաւորներուն համար, որոնք Յոբելեանի ընթացքին անցած են այդ սուրբ դռնէն, մաղթելով, որ անոնք հաստատուն մնան իրենց հաւատքին մէջ։

Սուրբ Պետրոսի արուետանոցի քարտուղար, գերյարգելի Օրացիօ Փեփէն նշեց, որ թէեւ նիւթական դուռը կը փակուի, հոգեւոր դուռը միշտ բաց կը մնայ հաւատացեալներուն համար։

Սուրբ Պետրոսի Տաճարի Սուրբ Դրան աղիւսապատումի արարողութիւնը աւարտեցաւ «Հայր Մեր» աղօթքով եւ օրհնութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2026, 11:19