2025-ին արարողութիւններու եւ հրապարակային ունկնդրութիւններու մասնակիցներուն թիւը գերազանցած է երեք միլիոնը
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժին
2025 թուականին Վատիկանի մէջ կայացած հրապարակային ունկնդրութիւններուն եւ ծիսական արարողութիւններուն մասնակցած են 3,176,620 հաւատացեալ։ Պապական տան Հոգաբարձութեան կողմէն հրապարակուած տուեալները կը ներառեն ընդհանուր և յոբելենական ունկնդրութիւնները, յատուկ ունկնդրութիւնները, ծիսակատարութիւնները եւ Մարեմեան աղօթքները։
Ֆրանչիսկոս Պապի Քահանայապետութեան ընթացքին մասնակցութիւնները
Յունուար ամիսէն մինչեւ ապրիլ ամիս, Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան ժամանակ, արձանագրուեցան 262.820 ներկայութիւն. 60.500 ութը ընդհանուր եւ Յոբելենական ունկնդրութիւններուն, 10.320 յատուկ ունկնդրութիւններուն 62.000 ծիսական արարողութիւններուն եւ 130.000 Մարեմեան աղօթքներուն։ Հաշուարկը հաշուի կ՛ առնէ մինչև 14 փետրուար տեղի ունեցածը՝ Ֆրանչիսկոս Պապի «Ճեմելլի» հիւանդանոց փոխադրումով ու այս իրողութեան հետեւանքով ընդհանուր ունկնդրութիւններու կասեցումով։
Լեւոն ԺԴ Պապին ընտրութենէն ետք ներկայութիւնները
Լևոն ԺԴ Քահանայապետին պապական գահին ընտրուելէն ետքը եւ մինչև տարեվերջ ներկաներու ընդհանուր թիւը կազմած է 2,913,800:
1.069.000 հաւատացեալները մասնակցած են 36 ընդհանուր ունկնդրութիւններուն, 148.300 յատուկ ունկնդրութիւններուն 796.500 ծիսական արարողութիւններուն եւ 900.000 Մարեմեան աղօթքներուն։ Դեկտեմբեր ամսուայ ընթացքին արձանագրուեցաւ Մարեմեան աղօթքներու մասնակցող հաւատացեալներու ամենաբարձր թիւը` 250.000 հաւատացեալ, մինչ Հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին արձանագրուեցաւ ըլլայ ծիսական արարողութիւններուն ըլլայ ընդհանուր եւ յոբելենական ունկնդրութիւններուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ