Որոնել

Վատիկանի մէջ 100 մսուրներու ցուցադրութիւն Վատիկանի մէջ 100 մսուրներու ցուցադրութիւն  (Vatican Media)

Վատիկանի մէջ Ծննդեան 100 մսուրներուն ցուցադրութիւնը

«100 Ծննդեան Մսուրներ Վատիկան»-ի ութերորդ հրատարակութիւնը, որ կը տօնէ Յոբելեանը, կը սկսի Դեկտեմբեր 8-ին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Եւրոպայի եւ աշխարհի 23 երկիրներէ բերուած հարիւր երեսուներկու մսուրներ կը տեղադրուին Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին Սիւնաշարքին ձախ թեւին տակ։ Ցուցահանդէսը պիտի բացուի Անարատ Յղութեան Տօնին օրը գերպ Ռինօ Ֆիզիքելլայի եւ Աւետարանումի Վերատեսչութեան մի քանի անդամներու կողմէ։ Ցուցադրութիւնը, որուն մուտքն անվճար է, բաց կը մնայ մինչեւ 8 Յունուար 2026։

«Վատիկանի մէջ 100 Ծննդեան մսուրներ» ցուցադրութեան ութերորդ հրատարակութիւնը, այս տարի կը կոչուի «Յոբելեանը Մշակոյթ է »՝ նշելու համար Յոյսի նուիրուած Սուրբ Տարին։

Մսուրներու ցուցահանդէսին բացումը կը կատարուի, երկուշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2025-ին, ժամը 16:00-ին, Անարատ Յղութեան Տօնին օրը, Սուրբ Պետրոս հրապարակինմ Պեռնինիի Ձախ Սիւնաշարքին մօտ,

Աւետրանացումի վերատեսչութեան կողմէ կազմակերպուած ցուցացրութեան բացումը կը կատարէ համանուն վերատեսչութեան փոխ կառավարիչ եւ Յոբելեանին պատասխանատու Արք Ռինօ Ֆիզիքելլան։

Ցուցահանդէսին կը ցուցադրուին 132 Ծննդեան մսուրներ, որոնք կը ներկայացնեն Ծննդեամ տարբեր մեկնաբանութիւններ, պատրաստուած զանազան նիւթերով (թուղթ, մետաքս, խեժ, փրփրապլաստ, բուրդ, կոկոսի եւ բանանի թելեր, ապակի եւ այլն)։

Ծննդեան տեսարանները բերուած են աշխարհի 23 երկիրներէ ինչպէս՝ Իտալիա, Մեքսիքա, Ֆրանսա, Խորուաթիա, Միացեալ Նահանգներ, Փերու, Քորէա, Ճափոն, Հնդկաստան եւ այլն)։ Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ 8 Դեկտեմբեր 2025-էն մինչեւ հինգշաբթի 8 Յունուար 2026։ Ամէն օր կարելի է այցելել ցուցահանդէսը ժամը 10:00-էն մինչեւ 19:00։ Մուտքը ազատ եւ անվճար է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2025, 10:31