Արք. Ֆիզիքելլա. Յոբելեանը՝ Աւետարանումի շօշափելի նշան. 32 Միլիոն ուխտաւորներ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքի Արքեպիսկոպոս Ռինօ Ֆիզիքելլա՝ Աւետարանումի Վերատեսչութեան փոխ-նախագահը մեկնաբանեց Յոբելեանի կարեւորութիւնը՝ որպէս հաւատքի, յոյսի եւ եղբայրսիրութեան արտակարգ ժամանակ։ Ան յիշեցուց թէ ինչպէս 2016 թուականին ողորմութեան նուիրուած փորձառութենէն ետք, այս տարի Սուրբ Տարին կեդրոնացաւ Յոյսի վրայ։ Արք Ֆիզիքելլան շեշտեց որ յոյսը կը յայտնուի շօշափելի նշաններով, ինչպէս կեանքի պարգեւը, որ կը պահանջէ պատասխանատուութիւն եւ վստահութիւն ապագային հանդէպ եւ անձերու միջեւ յարաբերութիւնը, որ հիմնուած է Աստուծոյ Հայրութեան եւ եղբայրութեան վրայ։
Արքեպիսկոպոսը կարեւորեց, թէ ինչպէս Յոբելեանը յոյսի պատգամ մը բերաւ, որ կը թարգմանուի հաւատքի վկայութիւններով Հռոմի պողոտաներուն մէջ, ուր ուխտաւորները կ՝աղօթեն ու կը կիսեն իրենց հաւատքը՝ մտածելու առիթ տալով անցորդներուն, ուխտաւորներուն։ Ան նաեւ յիշեց Վատիկանի Եւ Հռոմ քաղաքին միջեւ համագործակցութիւնը, որ ցուցաբերեց իր հիւրընկալութիւն ու արդիւնաւէտութիւնը իրադարձութեան կազմակերպութեան մէջ, չնայած դժուարութիւններուն։
«Պատահական չէ», որ Քահանայապետը Յոբելեանին կազմակերպումը յանձնեց Աւետարանումի վերատեսչութեան, որովհետեւ «այս Սուրբ Տարին աւետարանումի շօշափելի նշան մըն է»։ Նշան մը, որ կը տեսնուի նաեւ ուխտաւորներով լեցուն փողոցներուն վրայ, մասնաւորաբար Կոնչիլիացիոնէի Պողոտային վրայ»
Գերապայծառ Ֆիզիքելլան նշեց որ Յոյսի նուիրուած Յոբելեանը սկսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ու շարունակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ։ «Չենք կրնար մոռնալ, որ Յոբելեանին առաջին ամիսները յոգնեցուցիչ էին Ֆրանչիսկոսի Պապին համար, ներառեալ հիւանդանոցային շրջանը»։ Ապա՝ մահը, Քոնքլաւը, Պապին ընտրութիւնը։ Չենք կրնար մոռնալ, Ֆրանչիսկոս Պապին մահուան օրերուն նախատեսուած Պատանիներու Յոբելեանը։ Հոս՝ Հռոմ, կային աւելի քան 200 հազար տղաներ եւ աղջիկներ, որոնք կը տօնակատարէին իրենց Յոբելեանը եւ որոնք անսպասելի կերպով ուզեցին մասնակցիլ յուղարկաւորութեան անհաւատալի եռանդով։ Կը կարծեմ, որ ասիկա պէտք է մնայ այս Յոբելեանին պատմութեան տարեգրութիւններուն մէջ»։ Ապա Սուրբ Տարին շարունակուեցաւ Լեւոն Պապով։
Աւետարանումի վերատեսչութեան փոխ նախագահը հրաւիրեց լիարժէքօրէն ապրելու Սուրբ Տարուան Փթկումը, ընդգծելով 32 միլիոնէ աւելի ուխտաւորներուն այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ Քրիստոնէական վկայութեան արժէքները առաջ տանելու կարեւորութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ