Մարիօ Ռազեթթի. Արհեստական բանականութեան երկընտրանքը եւ մարդկային պատասխանատուութիւնը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Աշխարհահռչակ բնագէտ, Մարիօ Ռազեթթ, Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, արհեստական բանականութեան զարգացումը կը բնորոշէ որպէս մարդկութեան պատմութեան ամենամեծ մշակութային եւ մարդաբանական յեղափոխութիւնը։ Ըստ անոր մենք կը գտնուինք վճռորոշ խաչմերուկի առջեւ, ուր անհրաժեշտ է ընտրել ճիշդ ուղին՝ գիտնական մտքի եւ բարոյականութեան առաջնորդութեամբ։
Ռազեթթի կը մատնանշէ արհեստական բանականութեան զարգացման սարսափելի արագութիւնը, զայն կոչելով «կրկնակի երկրաչափական աճ»։ Այս թափը այնքան արագ է, որ մարդկային բնական հակազդեցութիւնները կրնան անբաւարար ըլլալ զայն հսկողութեան տակ պահելու համար։ Հետեւաբար, ան կոչ կ՝ընէ արհեստական բանականութեան գործմական կիրառումէ վերածելու լուրջ գիտութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն ուղղորդել ի նպաստ մարդկութեան։
Հարցազրոյցին առանցքային կէտերէն մէկը բնապահպանական կայունութիւնն է։ Ռազեթթի կը զգուշացնէ, որ արհեստական բանականութիւնը կրնայ «բախիլ» ուժանիւթի տագնապին։ Տուելաներուն հսկայական կեդրոնները կը սպառեն ահռելի քանականութեամբ ելեկտրականութիւն եւ ջուր։ Յատկապէս ջուրի օգտագործումը սառեցման նպատակով եւ զայն աւելի բարձր ջերմաստիճանով բնութեան վերադարձնելը աղետալի հետեւանքները կրնան ունենալ շրջակայ միջավայրին համար։
Դասախօսը կը շեշտէ նաեւ «ճշմարտութեան» խնդիրը։ Արհեստական բանականութիւնը չ՝ունի գիտակցութիւն կամ հասկացողութիւն. Ան միայն կը ներկայացնէ իրականութիւնը առանց զայն ընկալելու։ Անիկա կրնայ ստեղծել պատրանքներ եւ չ՝ունի ինքնասրբագրումի կարողութիւն։ Ռազեթթի կը համեմատէ մեր ներկայ վիճակը Պղատոնի քարանձաւի առասելին հետ, ուր մարդիկ կը տեսնեն միայն իրականութեան շուքերը։
Ի վերջոյ գիտնականը կը հաստատէ մարդ էակի գերազանցութիւնը։ Որքան ալ հզօր ըլլան մեքենաները իրենց հաշուողական կարողութեամբ, անոնք երբեք պիտի չ՝ունենան զարգացումներ, ստեղծագործական շունչ եւ բարոյական գիտակցութիւն։ Մարդը կը մնայ եզարկի՝ իր հասկնալու եւ ընտրելու կարողութեամբ։ Ռազեթթի պատգամը յստկա է. Մենք պէտք է տիրապետենք այս գործիքին՝ առաջնորդուելով բարի կամեցողութեաբ եւ ընդհանուր շահով, քան թէ աշխարհաքաղաքական եսասիրութեամբ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ