Այսօր հաղորդակցման հնարաւորութիւնները թոյլ կու տան բոլորին խօսիլ, սակայն կը կորսուի լսելու սովորութիւնը․ Կարդինալ Տէ Մենտոնսա
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ուժեղ բեւեռացումներով աշխարհի մը մէջ մշակոյթի մարտահրաւէրն է ստեղծել միասնութիւն՝ առանց ոչնչացնելու բազմազանութիւնը: Այս միտքն արտայայտեց Մշակոյթի ու Կրթութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսան՝ դասախօսութեամբ մասնակցելով «Մշակոյթը համայնք է» միջոցառումին՝ կազմակերպուած «Federculture – Մշակոյթներու դաշինք» իտալական ընկերակցութեան կողմէ, զոր կայացաւ 3 Դեկտեմբերին Հռոմի «Palazzo delle Esposizioni» պալատէն ներս:
Ունկնդրութիւն եւ երեւակայութիւն
Իր «lectio magistralis»ին մէջ Կարդինալը կենդրոնացաւ չորս բառերու վրայ, որոնք կը բնութագրեն այսօրեայ մշակոյթի գաղափարը՝ ունկնդրութիւն, երեւակայութիւն, հոգատարութիւն եւ դաշինք: «Լսելը հիմնարար նշանակութիւն ունի, քանի որ անցեալի հասկացողութիւնները այլեւս օգտակար չեն արագ փոփոխուող աշխարհի մը մէջ»։ Սակայն պէտք է նաեւ «երեւակայութիւն՝ փնտռելու նոր ճանապարհներ, ուսումնասիրելու նոր հնարաւորութիւններ», շեշտեց Սուրբ Աթոռի Մշակոյթի ու Կրթութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը՝ ընդգծելով, որ այսօր հաղորդակցման հնարաւորութիւնները թոյլ կու տան բոլորին խօսիլ, սակայն կը կորսուի լսելու սովորութիւնը:
Խնամք եւ դաշինք
Մշակոյթը «դարման է, որ կը բուժէ եւ կը վերականգնէ արժանապատուութիւնը», բացատրեց ապա Կարդինալ Տէ Մենտոնսան, որ կարեւոր տարր նկատեց դռներ բանալու եւ ներառումը խթանելու համար: «Համայնքի զգացումը», «ես»էն «մենք»ի անցումը, Ծիրանաւորի խօսքերով, սերտօրէն կապուած են մշակոյթի հետ: Եւ այս միութիւնը, կը խթանուի դաշինքով, քանզի «ոչ ոք կրնայ կրթութեան մարտահրաւէրը միայնակ դիմակայել», յատկապէս, երբ աշխարհը մշտապէս կը փոփոխուի:
Արհեստական բանականութիւն եւ յետ-ճշմարտութիւն
Ծիրանաւորն անդրադարձաւ նաեւ նոր արհետագիտութիւններուն, մասնաւորապէս՝ արհեստական բանականութեան՝ ըսելով, որ մենք պէտք էնք զայն կենսամիջոց դիտարկել եւ, յղում կատարելով Լեւոն ԺԴ․ Պապի խօսքերուն, աւելցուց, որ վախնալը օգուտ չի բերեր։
Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսան ընդգծեց, ի վերջոյ, այսպէս կոչուած «յետ-ճշմարտութեան» վտանգը, որ կը դառնայ գայթակղութիւն, բացատրեց ան, ուստի շեշտեց, որ «պարտաւոր ենք զարգացնել ուժեղ քննադատական զգացողութիւն, քանի որ ճշմարտութեան որոնման մէջ կարող ենք դպչիլ գեղեցկութեանն ու բարութեանը»։
Մշակոյթներու դաշինքը
«Federculture – Մշակոյթներու դաշինք»ը իտալական ձեռնարկութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ընկերակցութիւն մըն է, որու գործունէութիւնը ուղղուած է խթանելու եւ կառավարելու մշակոյթի, զբօսաշրջութեան, ծառայութիւններու, մարմնամարզութեան ոլորտները։
«Մշակոյթը համայնք է» միջոցառումը հաստատեց, որ մշակոյթը ընկերային հաշտեցման բանալի է, մինչ տարբերութիւնները կարող են կենսամիջոցներ դառնալ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ