Որոնել

Փակուեցաւ նաեւ Սուրբ Պօղոս պազիլիքայի Սուրբ Դուռը` Յոյսը որ կը թափանցէ պատմութեան մէջ

Քրիստոնէական յոյսը` պատերազմով, տագնապներով, դիւրաբեկութիւններով յատկանշուած իրականութենէն փախուստ չէ այլ վստահութիւն է` հիմնուած Աստուծոյ հաւատարիմ սիրոյ վրայ, որ յայտնուեցաւ Քրիստոսի խաչով, միակ յոյսը ու խաղաղութեան աղբիւրը, նշեց ի միջի այլոց Կարդինալ Հարվէյը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 28 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը տասին, յատուկ արարողութեամբ փակումը կատարուեցաւ նաեւ Հռոմի Քահանայապետական չորս պազիլիքաներէն երրորդին` Պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոս տաճարի Սուրբ Դռան, նախագահութեամբ պազիլիքայի աւագերէց Կարդինալ Ժէյմս Միքայել Հարվէյի։

Յոյսին նուիրուած Յոբելենական տարուան հեթանոսներու առաքեալ Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքայի Սուրբ Դռան բացումը կատարուած էր անցեալ հինգ Յունուարին միշտ Կարդինալ Հարվէյի գլխաւորութեամբ։

Սուրբ Դռան փակման արարողութեան առիթով մատուցած պատարագի ընթացքին Ծիրանաւորը շեշտը դրաւ Յոյսի Յոբելեանի պատգամին կեդրոնականութեան վրայ` իսկական յոյս մը, որ կարող է հատել պատմութիւնը՝ առանց փախուստ տալու ցաւէն կամ յանձնուելու միամիտ լաւատեսութեան։

Քրիստոնէական յոյսը` պատերազմով, տագնապներով, դիւրաբեկութիւններով յատկանշուած իրականութենէն փախուստ չէ այլ վստահութիւն է` հիմնուած Աստուծոյ հաւատարիմ սիրոյ վրայ, որ յայտնուեցաւ Քրիստոսի խաչով, միակ յոյսի ու խաղաղութեան աղբիւր է, նշեց ի միջի այլոց Կարդինալ Հարվէյը իր արտասանած քարոզին մէջ։

Ակնարկելով ապա Սուրբ Դռան ան հաստատեց` թէ անիկա նիւթական շեմ ըլլալէ անդին, խորհրդանիշ է ողորմութեան տարածք մուտք գործելու, ուր մարդը կը հրաժարի յուսալքումէն և կը վերագտնէ ներքին ազատութիւնը։

Քահանայապետական Պազիլիքայի աւագերէցը հուսկ յղում կատարեց Սուրբ Պօղոսին ու անոր բանտարկութեան փորձառութեան ընդգծելով, որ «ոչ մէկ բանտ կարող է մարել Քրիստոսի մէջ կեանք ունեցող ազատութիւնը»։

Յոյսը, որ սնուած է հաւատքով և բարեգործութեամբ, կը ծնի խոր իջնելու քաջութենէն, կոտրելով «յանձնուելու կեղևը», ըսաւ Կարդինալ Հարվէյ, որ քարոզի աւարտին հրաւիրեց հաւատացեալները աշխարհ վերադառնալու, որպէս պատասխանատու ուխտաւորներ, առօրեային մէջ վկայելով այն ինչ որ ստացան։

«Եթէ​​Պազիլիքային դուռը փակուեցաւ, թող սրտի, առաքելութեան և յոյսի դուռը բաց մնայ, որովհետև աշխարհը տակաւին կարիքը ունի Քրիստոսին», եղաւ Կարդինալ Ժէյմս Միքայել Հարվէյի քարոզին եզրափակիչ հրաւէրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2026, 11:18