Որոնել

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքայի Սուրբ Դռան Փակումը. Հռոմի համար կը բացուի նոր ժամանակ. Կարդինալ Ռէյնա

Յայտնենք` որ պատմականօրէն, Լատերանի տաճարի Սուրբ Դուռը` Յոբելինական տարիներու պատմութեան մէջ առաջինը եղած է ու առաջին անգամ բացուած է 1423 թուականին՝ Մարթինոս Ե Պապին օրով։ Միայն տասնամեակներ ետքն է, որ Սուրբ Պետրոսի տաճարի դուռը նոյնպէս դարձաւ Յոբելենական տարիներու խորհրդանիշ։ Սուրբ Դուռը արդարեւ կը ներկայացնէ Քրիստոսը՝ որպէս «Ճշմարտի դուռ», որուն միջոցաւ հաւատացեալը կ՝ընդունի աստուածային շնորհքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այս Մայր տաճարին մէջ՝ բոլոր եկեղեցիներու Մայրը, Հռոմէն և համայն աշխարհէն ուխտաւորներ հաւաքուեցան Սուրբ տարուայ ընթացքին՝ իրենց մեղքերու թողութիւն ստանալու համար։ Այսօր, երբ մենք կը փակենք Սուրբ Դուռը, շնորհակալութեան օրհներգ կը բարձրացնենք Հօր՝ մեր հանդէպ անոր սիրողյբոլոր նշաններուն համար, մինչ մեր սրտերուն մէջ կը պահպանենք այն գիտակցութիւնն ու յոյսը, որ անոր ողորմածութեան և խաղաղութեան գիրկը բաց կը մնայ բոլոր ժողովուրդներուն համար։ Մեր հայեացքը յառած փառահեղ Խաչին՝ կեանքի ծառին և մեր փրկութեան դրօշին, և մկրտութիւնէն բխող շնորհքով սնուցանուելով՝ մենք կեանքի ջուրը կը վերցնենք Քրիստոսի խոցուած կողէն հոսող աղբիւրէն»։ Աղօթքն է սա զոր արտասանեց Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պալտօ Ռէյնան Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Սուրբ Տարուան Սուրբ դռան փակման արարողութեան ընթացքին, զոր կայացաւ շաբաթ` 27 դեկտեմբեր 2025-ին, Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչի տօնին օրը, որուն ի միջի այլոց նուիրուած է տաճարը, հանդիսանալով Քահանայապետական երկրորդ պազիլիքան, որ կը փակէր Սուրբ դուռը` անցեալ 25 դեկտեմբերին Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի Սուրբ Դռան փակումէն ետքը։

Յայտնենք` որ պատմականօրէն, Լատերանի տաճարի Սուրբ Դուռը` Յոբելինական տարիներու պատմութեան մէջ առաջինը եղած է ու առաջին անգամ բացուած է 1423 թուականին՝ Մարթինոս Ե Պապին օրով։ Միայն տասնամեակներ ետքն է, որ Սուրբ Պետրոսի տաճարի դուռը նոյնպէս դարձաւ Յոբելենական տարիներու խորհրդանիշ։ Սուրբ Դուռը արդարեւ կը ներկայացնէ Քրիստոսը՝ որպէս «Ճշմարտի դուռ», որուն միջոցաւ հաւատացեալը կ՝ընդունի աստուածային շնորհքը։

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարի Սուրբ Դռան բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած էր անցեալ տարուայ 29 դեկտեմբերին` Կարդինալ Պալտօ Ռիյնայի գլխաւորած արարողութեամբ։

Սուրբ դռան փակման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Կարդինալ Ռէյնան ներշնչուելով Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչի տիպարէն հրաւիրեց հաւատացեալները Տէրը դիտելու ոչ թէ բացակայութեան «դատարկ գերեզմանին» մէջ, այլ աղքատներու, տառապողներու, ու գոյութենական արուարձաններու մէջ յայտնուած ներկայութեան մէջ։

Ծիրանաւորը այս ուղղութեամբ ակնարկեց բազմաթիւ «բացակայութիւններուն» ինչպէս զօրակցութեան եւ եղբայրութեան բացակայութիւնը,  ընտանեկան կապերու եւ արդարութեան բացակայութիւնը, տեսլականի ու մտածողութեան բացակայութիւնը, ու նաեւ խաղաղութեան բացակայութիւնը աշխարհի մը մէջ ուր կը գերակշռէ աւելիով ուժեղին տրամաբանութիւնը, հուսկ մարգարէութեան բացակայութիւնը։

Յոբելենական տարին թողուց խոր հետք մը` Աստուծոյ մօտիկութեան «լայն տարածում ունեցող խորհուրդ», որուն ձգտեցան Հռոմ եկած հազարաւոր ուխտաւորներ՝ ողորմութեամ փնտռտուքոով, նշեց ի միջի այլոց Ծիրանաւորը ու հրաւիրեց հաւատացեալները միացնելու իրենց աղօթքներն ու ջանքերը որպէսզի ըլլան վայր` որ կը բացայայտէ Տիրոջ ներկայութիւնը ու կը վկայէ անոր մօտիկութիւնը, առանց բացառելու ոչ մէկը, ինչպէս կ՛ընէ Բարի Հովիւը։

Սուրբ Դռան փակումով չ՛աւարտիր ճանապարհորդութիւնը, նշեց հուսկ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոսը այլ կը բացուի նոր հանգրուան մը` համայն Թեմին համար, այն է ըլլալ սիւնհոդոսականութեան եւ մարգարէութեան աշխատանոց, որ կարող է քաղաքը փոխակերպել սիրոյ, արդարութեան եւ խաղաղութեան գործնական արարքներով։

Սուրբ Յովհաննէսի և Սուրբ Կոյս Մարիամի միջնորդութեամբ Հռոմի եկեղեցին կոչուած է կազմել իր «Մեծացուսցէն»՝ վկայելով, որ նոյնիսկ այսօր «Ամենակարող Աստուած մեծ բաներ ըրած է մեզի համար ըսաւ ապա Կարդինալ Պալտօ Ռէյնան եզրափակելով իր քարոզը ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2025, 11:45