Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին  (@Vatican Media)

Կարդինալ Փարոլին. Դիւանագիտութիւնը թող նոր հնարաւորութիւններու ճամբան բանայ, որպէսզի «դարձեալ հաւատանք» խաղաղութեան

Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Վատիկանի Պօղոս Զ անուահն դահլիճին մէջ Իտալական Դիւանագիտութեան Յոբելեանին առիթով Սուրբ Պատարագ մատուցեց։ Իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ այն վայրերուն, որոնք այսօրուան «աշխարհաքաղաքական բարդութեան» թատերաբեմն են։ Սուրբ Երկրէն մինչեւ Ուքրանիա, անցնելով Ափրիկէի իրականութիւններուն վրայ, որոնք յաճախ անտեսուած են միջազգային մակարդակով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 13 դեկտեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Սուրբ Պատարագ մատուեց Իտալական դիւանագիտութեան Յոբելեանին առիթով։ Արտասանած քարոզին մէջ ծիրանաւորը անդրադարձաւ ներկայ աշխարհաքաղաքական բարդութեան եւ դիւանագիտութեան դերին՝ փոխակերպող տարր մը, որ կարող է բարձրագոյն բարիքի համար հնարաւորութիւններ ծնիլ։ Ան յիշեց Սուրբ Երկրի, Ուքրանիոյ եւ աշխարհի այլ շրջաններուն մէջ ինչպէս Մոզմապիքի ճգնաժամերը։

Սուրբ Երկիրը, «ուր համայն բնակչութեան ցաւը կը միահիւսուի պատերազմի ողբերգական պատմութեան հետ, որ կարծես, թէ դադար չի գտներ»։ Այստեղ միջազգային հանրութիւնը կանչուած է «երկակի եւ լրացուցիչ նուիրումի. զոհերուն հանդէպ կարեկցութեան եւ հնարաւոր հաշտութեան ճանապարհները յայտարարելու յստակութեան, նոյնիսկ երբ անոնք հեռու կը թուին»։ Բայց նաեւ Ուքրանիան, ուր պատերազմի երկարացումը կը պատճառէ «կործանում եւ անվստահութիւն», եւ զէնքերուն լռութիւնը կը թուի հեռացող հորիզոն մը, մինչ այն ատեն, երբ աւելի ու աւելի մարդիկ կը զգան անոր կենսական շտապութիւնը, ըսաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար յանձնարարելով չ՝իյնալ վախի եւ ճակատագրապաշտութեան ազդեցութեան տակ, այլ բաց պահել երկխօսութեան ճանապարհները հաւատալով խաղաղութեան եւ հաշտութեան հնարաւորութեան։

Պատարագի աւարտին, խօսք առաւ Իտալիոյ Արտաքին Գործերու եւ Միջազգային Համագործակցութեան Նախարար Անթոնիօ Թայանին, որ շեշտեց իր գերատեսչութեան աշխատանքը Փարոլինի կողմէ յիշուած շրջաններուն մէջ, Միջին Արեւելքի մէջ, ուր աջակցութիւն կ՝իրականայ հազարաւոր թոներով սննդային օգնութիւններով եւ Կազայէն եկած հիւանդ մանուկներու ընդունելութեամբ Իտալական հիւանդանոցներուն մէջ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2025, 14:41