Պետական Քարտուղարին այցը Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երեքշաբթի 23 դեկտեմբեր 2025-ի կէսօրէն ետքը Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը ցյելեց Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանը ուր դիմաւորուեցաւ Բուժարանի նախագահ Տիար Թիցինօ Օնեսթիի եւ Դքսուհի Մարիա Կրացիա Սալվիաթիի ու հիւանդանոցի ղեկավարութեան կողմէ, Ան ապա հանդիպեցաւ հիւանդներու, անոնց ընտանիքներու և առողջապահութեան ոլորտի աշխատողներուն հետ։
Այցելութիւնը սկսաւ թրքաբանութեան և զիստիք ֆիպրոզի բաժանմունքներէն, ուր Կարդինալ Փարոլինը ողջունեց խնամքի տակ գտնուող երեխաները և անոնց ընտանիքները: Աւելի ուշ, հիւանդանոցի մատուռին մէջ, Ան Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորանքները փոխանցեց Պամպին Ճեզու համայնքին, փոխանցելով նաեւ Լեւոն ԺԴ Պապին ողջոյնները։
Ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Ծիրանաւորը ընդգծեց խնամքի մարդկային չափանիշի արժէքը. «Ասիկա, ըսաւ Ան, Սուրբ Ծննդեան հիւանդանոցն է, քանի որ Յիսուս կը ծնի ամէն անգամ երբ դուք կ՛ ընդունիք ամենափոքրերը»։
«Ծնողներէն մէկը ինծի ըսաւ, որ բուժման կէսը խնամքն է, կէսը՝ ընտանեկան մթնոլորտը, մտերմութիւնն ու գուրգուրանքը։ Ասիկա իմ մաղթանքն է Մանուկ Յիսուսին. ոչ միայն գերազանց խնամք, այլեւ մարդկային չափանիշ» յարեց ի միջի այլոց Ծիրանաւորը նշելով որ «ամէն անգամ, երբ ուշադրութիւն կը դարձնէք երեխաներուն և ընտանիքներուն, ամէն անգամ, երբ կը կատարէք ձեր ամենօրեայ աշխատանքը, Յիսուսը կրկին կը ծնի։ Սա Սուրբ Ծննդեան հիւանդանոցն է է ոչ միայն այն պատճառով, որ ան կը կոչուի Մանուկ Յիսուս, այլեւ որովհետև Յիսուս կը ծնի ամէն անգամ, երբ դուք կ՛ընկալէք այս փոքրիկները»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ