Կարդինալ Փարոլին. «Չմոռնանք Քափօ Տելկատոյի հակամարտութեան զոհերը»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Մոզամպիք կատարած իր վերջին այցելութենէն ետք, «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին հրաւիրեց միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը դարձնելու Քապօ Տելկատոյի ողբերգութեան վրայ, զոր կը նկատէ «մոռցուած հակամարտութիւն»։ Անոր այցելութեան նպատակն էր նշել Սուրբ Աթոռի եւ Մոզամպիքի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն 30-ամեակը, մասնակցիլ Երիտասարդութեան ազգային օրուան եւ զօրակցութիւն յայտնել ահաբեկչութենէն տուժած բնակչութեան։
Կարդինալ Փարոլին այցելեց Նամինաուէի գաղթակայանը, ուր աւելի քան 9,000 անձեր, որոնցմէ հազարաւորներ երեխաներ են, կ՝ապրին ծայրայեղ աղքատութեան մէջ։ Ան նկարագրեց սիրտ ճմլող իրականութիւն մը. Սնունդի, դեղորայքի եւ խմելու ջուրի պակաս, ինչպէս նաեւ բնական աղէտներու հետեւանքով քանդուած կացարաններ։ Յատկապէս մտահոգիչ է երիտասարդներու վիճակը, որոնք կրթութեան եւ աշխատանքի հնարաւորութիւն չունենալով, իրենք զիրենք կը զգան «բացօթեայ բանտի» մէջ։
Հակամարտութեան պատճառները խորն են եւ բարդ։ 2017-էն ի վեր ծայրայեղական իսլամական խմբաւորումները (ASWJ), ներշնչուած «իսլամական պետութեան» գաղափարախօսութեամբ, բռնութիւններ կը սերմանեն՝ փորձելով հիմնել ամիրայութիւն մը։ Կարդինալ Փարոլին նշեց, որ թէեւ կրօնը երբեմն կը չարաշահուի որպէս պատրուակ, սակայն իսկական դրդապատճառները կապուած են աղքատութեան, գործազրկութեան եւ բնական պաշարներուն անարդար շահագործման հետ։ Քրիստոնեաներ եւ չափաւոր մահմետականներ հաւասարապէս կը տառապին այս բռնութիւններէն, իսկ որոշ հաւատացեալներ նոյնիսկ նահատակուած են՝ չուրանալով իրենց հաւատքը։
Եկեղեցին հակառակ վտանգներուն, չէ լքած ժողովուրդը։ Կարդինալ Փարոլին գնահատելով խօսեցաւ այն քահանաներուն եւ կրօնաւորներուն մասին, որոնք մնացած են իրենց հօտին կողքին, որպէս «գաղթական հովիւներ»։ Քարիթասը եւ այլ կազմակերպութիւններ կը շարունակեն տրամադրել մարդասիրական օգնութիւն եւ խթանել միջ կրօնական երկխօսութիւն՝ խաղաղութեան վերականգման համար։
Զրոյցի աւարտին, Վատիկանի Պետական քարտուղարը կոչ ուղղեց բոլորին՝ չարտօնելու, որ այս տագնապը մոռացութեան մատնուի։ Ան յորդորեց քրիստոնեաները օգտագործելու աղօթքի եւ եղբայրսիրական սիրոյ «զէնքեր»՝ օգնելով Մոզամպիքի տառապող ժողովուրդին, որպէսզի Խաղաղութեան Իշխանը՝ Յիսուս Մանուկը անոնց սիրտերուն եւ երկրին մէջ խաղաղութիւն հաստատէ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ