Լուացքատուն Լուացքատուն 

Իտալիոյ Փարմա քաղաքին մէջ կը բացուի «Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի» առաջին Լուացքատունը

Իտալիոյ Փարմա քաղաքին մէջ, Գարիթասի կողմէ կառավարուած կ'իրականանայ Առաքելական Ողորմնաբաշխութեան կողմէ առաջացուած նոր ծառայութիւն մը՝ ամենէն փխրուններուն համար, հետեւելով Ֆրանչիսկոս Պապի Լուացքատուններու ծրագրին: Լևոն ԺԴ Քահանայապետը պաշտպանած է նոր անուանումի փոփոխութիւնը. Ասսիզացիի աղքատը իրականութեան մէջ ինչպէս ցոյց կու տայ Քահանայապետը իր «Dilexi te»-ի մէջ կը շարունակէ ոգեշնչել նախաձեռնութիւնները՝ աղքատ մարդոց աջակցելու համար: Կառոյցի բացումը կատարեց կարինալ Քրայեւսքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Իտալիոյ Փարմա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ աղքատներու համար «Սուրբ Ֆրանչիսկոս Սսսիզացիի լուացքատուն»ի բացումը, որ շարունակութիւն է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին լուացքատուն» կոչուած նախաձեռնութեան։

Նոր Անուանումը

Լուացքատունի ծրագիրը ստացած է նոր անուն՝ «Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի Լուացքատուն»՝ ի պատիւ Իտալիոյ պաշտպան Սուրբին, որպէս «աւետարանական աղքատութեան եւ համընդհանուր եղբայրութեան տիպար»: Այս փոփոխութիւնը շարունակականութեան նշան է:

Անուանումի ընտրութիւնը հաստատուած է Լևոն ԺԴ Քահանայապետի «Dilexi te» առաքելական յորդորով (4 Հոկտեմբեր 2025), որը Սուրբ Ֆրանչիսկոսը կը ներկայացնէ որպէս ոգեշնչման աղբիւր՝ «բարին, յոյսն ու խնամքը սերմանելու» համար:

Լուացքատունի բացումը տեղի ունեցաւ նոյեմբեր 6-ին, ժամը 12:00-ին, Փարմայի Սուրբ Յովսէփի ծխական եկեղեցւոյ շրջանէն ներս, նախագահութեամբ Բարեգործական Ծառայութեան Վերատեսչութիւն, Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին։

Բացումէն առաջ, Կարդինալ Քրայեւսքին եւ Փարմայի Եպիսկոպոս գերպ. Էնրիքօ Սոլմիին մատուցած են Սուրբ Պատարագ աղքատներուն եւ կամաւորներուն հետ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման Մայր Տաճարին մէջ:

Լուացքատունի ծառայութիւնը, որ կը ղեկավարուի Փարմայի «Քարիթաս»-ի կողմէ, կը նպատակադրէ վերադարձնել արժանապատուութիւնը փողոցներու վրայ ապրող մարդոց։

Կարդինալ Քրայեւսքին կը հաստատէ Լեոն ԺԴ Քահանայապետի խօսքը, որ «միշտ առ աւելի լաւ է ինչ, որ բան ընել, քան թէ բնաւ ոչինչ չընել», եւ որ պէտք է մարզուիլ «ողորմութեան մէջ՝ աղքատներու տառապող մարմնին դպչելու համար»։

Այս ծառայութեան գաղափարը սկիզբ առած է 2017 թուին, Հռոմի մէջ: Նմանատիպ լուացքատուներ կը գործեն նաեւ Ճենովայի, Թորինոյի, Նափոլի, Քաթանիայի եւ Սան ֆերնինանտոյի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2025, 13:48