Գոհաբանական Պատարագներ Սուրբ Ճորճօ Ֆրասսաթիի եւ Քարլօ Աքութիսի սրբադասման համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 8 սեպտեմբերին, գոհաբանական Աղօթք բարձրացաւ առ Ամենակալ Աստուած, կիրակի 6 սեպտեմբերին, սրբադասուած Սուրբ Ճորճօ Ֆրասսաթիի եւ Սուրբ Քարլօ Աքութիսի համար։
Հռոմի Սանթա Մարիա Սոփրա Միներվա տաճարին մէջ կարդինալական դասի աւագ երեց կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէ, գլխաւորեց Սուրբ Ճօրճօ Ֆրասսաթիի համար գոհաբանական Սուրբ Պատարագը
«Վերջերս սրբադասուած Թորինոյէն երիտասարդ Փիեր Ճօրճօ Ֆրասսաթին կը ներկայացնէ որպէս խոր հոգեւորականութեան եւ խոր արդիականութեան տիպար, յատկապէս պատերազմով եւ անմարդկայնութեամբ յատկանշուած դարաշրջանին մէջ» ըսաւ կարդինալական դասի աւագ երեց ծիրանաւորը Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ աւելցնելով, որ Սուրբ Ֆրասսաթիի կեանքը շօշափելի եւ իսկական հաւատքի արտայայտութիւնն էր, որ կնքուած է Տոմինիքեան միաբանութեան անդամակցութեամբ ու անոր հոգեւոր կեանքը հիմնուած էր մշտական աղօթքի, խորհուրդներուն յաճախակի ընդունումով եւ խոր Մարեմական նուիրուածութեան վրայ։ Ֆրասսաթին աղօթքի մարդ էր բայց նաեւ գործողութեան»։
Մինչ՝ Սուրբ Քալօ Աքութիսի սրբադասման գոհաբանական աղօթք բարձրացուց, Սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարօն, Սուրբ Պատարաց մատուցանելով Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ։
«Սուրբ Կոյս Մարիամի ծննդեան տօնին օրը եկեղեցին նշեց Սուրբ Քարլօի Աքութիսի սրբադասումի յիշատակը, աշխարհական երիտասարդ մը, որ խոնարհութիւնը դարձուց իր հոգեւոր եւ մարդկային ուղեւորութեան հիմքը» ըսաւ Սուրբերդու դաստին վերատեսուչը իր արտասանած քարոզին մէջ ընդգծելով թէ ինչպէս այդ առաքինութիւնը «անոր ամենագեղեցիկ բան էր, օրինակ էր, որ ոգեշնչեց իր հասակիցները եւ թոյլ տուաւ անոր կարեկցանքով նայիլ ամենախոցելիներուն կարիքներուն։
Այսօր՝ Սուրբ Քարլօ Աքութիսը, «Ծովու Աստղ» Մարիամի հետ միասին կը փայլի եկեղեցւոյ երկինքին մէջ որպէս ուղեցոյց որ կը խրախուսէ հաւատացեալները հետեւելու իր օրինակին։ Ան մեզ կը հրաւիրէ չվատնել մեր կեանքը այլ ուղղորդել զայն դէպի Տէրը,պատրաստուելու համար երկինքի տօնակատարութեան»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ