Որոնել

Գովեալ Ըլլաս աւանը Գովեալ Ըլլաս աւանը  (@Vatican Media)

Գովեալ Ըլլաս. Դարձի Գալ եւ Յանձնառութիւն

Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ եպիսկոպոսներուն եւ ազգային տնօրէններուն հանդիպում արարչագործութեան խնամքի համար

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սեպտեմբեր 19էն-21 Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականի տասնամեակի կապակցութեամբ, եպիսկոպոսներն ու արարչագործութեան խնամքի տնօրէնները հաւաքուեցան Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ, «Գովեալ Ըլլաս, դարձի գալ եւ յանձնառութիւն» նիւթով հանդիպումի համար։

Միջոցառումը որ կազմակերպուած է Եւրոպայի Եպիսկոպոսաց դասերու խորհուրդի ընկերային հովուական ծառայութեան յանձնաժողովի կողմէ, միաւորեց պատուիրակներ եւ եւրոպական կարեւոր կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչներ։

Հանդիպումի բացումը կատարեց գերպ Պոտհան Տզյուրախ, ապա Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան վերատեսչութեան քարտուղար, քոյր Ալեսսանտրա Սմերիլլի խորհրդածութիւնը կատարեց շրջաբերականի մարգարէական ժառանգութեան վերաբերեալ՝ ընդգծելով, թէ շրջաբերականը եկեղեցական տարբեր շրջանակներու մէջ սկիզբ տուաւ գործընթացներուն ու ընդգծեց երկու շարունակական մարտահրաւէրներ, խօսքերէն գործերու անցնելու անհրաժեշտութիւնը եւ սիրտի խոր ապաշխարութիւնը։

Շաբաթ, սեպտեմբեր 20ին, հանդիպումի մասնակիցները սուրբ պատարագ մատուցեցին եւ այցելեցին Laudato si’ աւանը, որ կայուն կեանքի շօշափելի օրինակ է։

Յետմիջօրէին, աշխատանքային նիստի ժամանակ, արք Կինթարաս Կրուսաս ընդգծեց որ արարչագործութիւնը պէտք է ընկալուի որպէս Աստուծոյ պարգեւ մարդկութեան, այլ ոչ թէ որպէս գաղափարախօսական նիւթ։ Ան Վերահաստատեց եկեղեցւոյ համապարփակ բնապահպանական մօտեցումի կարեւորութիւնը, որ կը գերազանցէ պարզ բնապահպանական հարցը՝ կապուելով մարդկութեան էութեան եւ անոր լիարժէք զարգացման հետ։

Արքեպիսկոպոս Տզիուրախ Գովեալ «Ըլլաս շրջաբերական անուանեց եկեղեցւոյ համար շրջակայ միջավայրերու հարցերու վերաբերեալ անկիւնաքար եւ առաջարկեց երեք կեդրոնական խորհրդածութիւններ՝ արարչագործութեան վերաբերեալ աստուածաբանական եւ հոգեւորական հեռանկարը, եկեղեցական համագործակցութեան կարեւորութիւնը, բնապահպանական կրթութեան մարտահրաւէրը

Աշխատանքային նիստերու ընթացքին, Ֆրոֆ Կարմոնի Կրէյ ընդծեց, որ շրջաբերականը առաջին հերթին, արարչագործութեան աստուածաբանութիւն է եւ որ արարչագործութեան հանդէպ հոգատարութիւնը քրիստոնէական հաւատքի էական մասը կը կազմէ։ Ան ուրուագծեց ապագայի երեք առաջնահերթութիւններ՝ հաւատքի նկատմամբ նուիրուածութեան վերահաստատում, համակարգային անարդարութիւններուն դէմ պայքար եւ զօրաւոր համայնքներուն կառուցում։

Մինչ Փրոֆ Սթէֆան Կէյհկէս ցուց տուաւ, քրիստոնէական հոգատարութեան եւ արարչագործութեան հանդէպ հոգատարութեան միջեւ խոր կապը՝ նշելով որ իրական հոգեւորականութիւնը կը պահանջէ բնապահպանութեան դարձ, տիրապետութենէն պատասխանատու պահպանութիւն եւ անհատականութենէ հաղորդութիւնը։

Կիրակի օրը հանդիպումի մասնակիցները մասնակցեցան Սուրբ Պատարագի, զոր նախագահեց Գերպ Վինչէնզօ Վիվա։ Նիսզը եզրափակուեցաւ կլոր սեղանի շուրչ ուր տարբեր կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչներ, որոնք շարքին Եւրոպայի Քարթիասը եւ Գովեալ Ըլլաս շարժումը» ներկայացուցին իրենց նախագիծերը եւ ուսումնասիրեցին համագործակցութեան հնարաւորութիւններ։


Յաջորդ հանդիպումը, որը նախատեսուած է 2026 թուականին, տեղի պիտի ունենայ առցանց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2025, 10:31