26էն – 28 սեպտեմբերին կրօնուսոյցներու յոբելեանը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
26էն – 28 սեպտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ կրօնուսոյցներու յոբելեանը, հռոմի մէջ հաւաքուելով աշխարհի 115 երկիրներէն աւելի քան 20000 ուխտաւորները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ պատուիրակութիւններ՝ Իտալիայէն, Սպանիայէն, Փորթուկալէն, Ֆրանսայէն, Լենաստանէն, Ուքրանիայէն, Արժանթինէն, Պրազիլէն, Մեքսիքոյէն, Հնդկաստանէն եւ Աւստրալիայէն։
Յոբելինական միջոցառումը նուիրուած է բոլոր անոնց որոնք ամէն օր նուիրուած են կրօնուսուցչութեան, յատուկէն ներառուած են թեմական, ազգային կրօնուսուցումի գրասենեակներ, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներէն եպիսկոպոսաց համահաւաք դասեր։
Կրօնուսոյցներուն յոբելեանը սկիզբ պիտի առնէ ուրբաթ, 26 սեպտեմբերին, առաւօտեան կրօնուսուցիչներու ուխտագնացութեամբ դէպի Սուրբ Պետրոս տաճարի սուրբ Դուռը՝ ժամը 8էն մինչեւ 17, եւ կը շարունակուին աղօթքի հսկումով Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ՝ գլխաւորութեամբ Աւետարանումի վերատեսչութեան համա վերատեսուչ գերպ Ռինօ Ֆիզիքելլան։
Աղօթքի արարողութեան երկրորդ մասը, կեդրոնացած է Էմմաուսի աշակերտներուն (Ղուկաս 24։13-33) հատուածին վրայ, ու պիտի ներկայացուին երեք կրօնուսոյցներու կողմէ վկայութիւններ, որոնք պիտի պատմեն իրենց ժամանած տարբեր վայրերու մէջ մատուցած ծառայութեան մասին։
Շաբաթ, սեպտեմբեր 27ին, ժամը 10ին, բոլոր կրօնուսուցիչները հրաւիրուած են մասնակցելու Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ կայանալիք Յոբելինական Ունկնդրութեան, Լեւոն ԺԴ Պապին հետ, զոր օրուան խորհրդածութեան մէջ պիտի ողջունէ յոբելեանի ուխտաւորները։
ժամը 16ին, կրօնուսուցիչները պիտի հաւաքուին Հռոմի կեդրոնական եկեղեցիներուն մէջ՝ եպիսկոպոսներուն հետ կրօնքի դասի համար, որ տեղի պիտի ունենայ Իտալերէն, Անգլերէն, Սպաներէն, Ֆրանսերէն եւ Լեհերէն լեզուներով։
Կրօնուսուցիչներուն յոբելեանը կ՝աւարտի, Սեպտեմբեր 28ին, սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ ժամը 10ին, Լեւոն ԺԴ Պապին նախագահութեամբ մատուցուած Սուրբ Պատարագով, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը կը նշանակէ 39 նոր կրօնուսուցիչներ,։
Կրօնուսուչութեան աշխարական ծառայութեան թեկնածուները, Պապին կողմէ պիտի ստանան խաչ մը, որպէս իրենց յատուկ կոչումի նշան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ