CUBA-VATICAN-DIPLOMACY-RELIGION

Գերապ. Փոլ Կալլակէր Նիու Եորքի մէջ կը մասնակցի ՄԱԿ-ի ընդհանուր 80րդ նստաշրջանին

ՄԱԿ-ի այս ընդհանուր հաւաքին կեդրոնական նիւթն է «Աւելի լաւ միասին. 80 տարիներ եւ աւելին խաղաղութեան, զարգացումի եւ մարդկային իրաւունքներուն համար» որ նուիրուած է նորոգելու համար բազմակողմնութեան, զօրակցութեան և համատեղ գործակցութեան ի սպաս յանձնառումը, յատուկ ուշադրութիւն յատկացնելով Կայուն զարգացման նպատակներուն ինչպէս նաեւ ընդհանուր համագործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 22 սեպտեմբերէն մինչեւ երեքշաբթի 30 սեպտեմբեր 2025, Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը, Գերպ. Փոլ Ռիչարտ Կալլակէր, մեկնած է Նիու Եորք մասնակցելու համար Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Գլխաւոր 80-րդ նստաշրջանին։ Լուրը կը հաղորդէ նոյնինքն Պետական Քարտուղարութիւնը իր ԻՔՍ հարթակի վրայ կատարած գրառումով։

ՄԱԿ-ի այս ընդհանուր հաւաքին կեդրոնական նիւթն է «Աւելի լաւ միասին. 80 տարիներ եւ աւելին խաղաղութեան, զարգացումի եւ մարդկային իրաւունքներուն համար» որ նուիրուած է նորոգելու համար բազմակողմնութեան, զօրակցութեան և համատեղ գործակցութեան ի սպաս յանձնառումը, յատուկ ուշադրութիւն յատկացնելով Կայուն զարգացման նպատակներուն ինչպէս նաեւ ընդհանուր համագործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին։

Այս նիւթերու շուրջ ընդհանուր քննարկումի նիստերը կը սկսին վաղը` երեքշաբթի 23 սեպտեմբերին։

Յայտնենք` որ նստաշրջանը տեղի կ՛ ունենայ քաղաքական անորոշութեան և ֆինանսական ճգնաժամի շրջագիծէն ներս՝ նշելով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հիմնադրման ութսունամեակը։ Քննարկումները պիտի կեդրոնանան միջուկային զէնքի կանխարգելման, շրջակայ միջավայրի կայունութեան, փոքրամասնութիւններու ներառման, արհեստական ​​բանականութեան կառավարման և Պաղեստինի հարցերուն վրայ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2025, 10:02