Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր  (ANSA)

Արք Կալլակերի ելոյթը նուիրուած Կանանց չորրորդ համաժողովին 30 ամեակի

«Կանանց հաւասարութիւնը կարելի չէ ապահովուել եթէ չյարգուի իւրաքանչիւր մարդու՝ չծնածէն մինչեւ տարեցներու արժանապատուութիւնը» ըսաւ իր ելոյթին մէջ Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կանանց չորրորդ համաժողովին 30 ամեակի նուիրուած իր ելոյթին մէջ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, Աքր Փոլ Ռիչար Կալլակել ընդգծեց, որ Փեքինի հանդիպումէն երեսուն տարի ետք, կանանց արժանապատուութեան եւ իրաւունքի համար շատ կարեւոր հարցեր տակաւին չեն լուծուած ։

Չնայած որոշ առաջընթացներուն, տակաւին զգայուն մարտահրաւէրն կը մնան։ Կանայք կը շարունակեն տառապիլ ծայրայեղ աղքատութենէն, կը հանդիպին որակեալ կրթութիւն ստանալու խոչընդոտներուն եւ աշխատանքի մէջ ստանալ աւելի շատ ցած աշխատավարձ։ Այս անհաւասարութիւնները կ՝արգելք կը դառնան անոնց լիարժէք զարգացման եւ ինչպէս նաեւ իրենց ներուժին կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս։

Մէկ այլ կարեւոր մտահոգութիւն կայ կանանց եւ աղջիկներուն նկատմամբ՝ շարունակական բռնութիւնը։ Այս բռնութիւնը կը դրսեւորուի տարբեր ձեւերով՝ ոչ միայն տան կամ հակամարտութիւններուն շրջանակներէն ներս, այլ մարդավաճառութեան շրջանակէն ներս։ Գերպ Փոլ Կալլակեր դատապարտեց այնպիսի գործելակերպեր, ինչպէս նախածնունդի սեռի ընտրութիւնը, աղջիկներու մանկասպանութիւնը, որոնք դատապարտուած ըլլալով Փեքինի հռչակագիրին մէջ, կը շարունակեն ամէն տարի յանգեցնել միլիոնաւոր անհետ կորած աղջիկներուն մահուան։ Բռնութեան որեւէ ձեւ աընդունելի է եւ պայքարի անոնց դէմ։

Արք Կալլակեր անդրադարձաւ առողջապահութեան անհաւասարութեան հարցին։ Ընդունելով որ մայրական մահացութեան ցուցանիշը զգալիօրէն նուազած է 1990 թուականէն ի վեր, Ան ընդգծեց որ վերջին տարիներուն առաջընթացը կանգ առած է։ Կարեւոր է բարելաւել նախածնունդի խնամքի, որակեալ անձնակազմի եւ առողջապահական ենթակառոյցներուն հասանելիութիւնը՝ մերժելով «կեղծ լուծումները, ինչպէս վիժումը։

Կեանքի իրաւունքի պաշտպանութիւնը դիտուած է որպէս մնացած բոլոր իրաւունքներուն հիմք, քանի որ կանանց հաւասարութիւնը կարելի չէ ապահովուել եթէ չյարգուի իւրաքանչիւր մարդուն՝ չծնածէն մինչեւ տարեցներու արժանապատուութիւնը։


Եզրափակելով իր ելոյթը Արք Կալլակեր յոյս յայտնեց, որ պետութիւնները կեդրոնանան Փեքինի գործողութիւններու ծրագիրով սահմանուած առաջնահերթութիւններուն վրայ, ինչպէս աղքատութեան դէմ պայքարը, կրթութիւնը, բռնութեան վերացումը, խաղաղութեան խթանումը, զբաղուածութեան հասանելիութիւնը։

Նպատակը ՝ըստ սուրբ Աթոռի պէտք ըլլայ է կանանց հաւասարութիւնն ու արժանապատուութիւնը երաշխաւորուելու համար ստանձնուած պարտաւորութիւններու կատարումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2025, 13:24