2025.09.05 Inaugurazione e benedizione del Borgo Laudato siâ

Միջազգային Համագումար. «Յոյսի զարթնում` ի սպաս կլիմայական արդարութեան»

Համագումարը կը նշէ Ֆրանչիսկոս Պապի «Laudato Si’» շրջաբերականի 10-ամեակը և նպատակ ունի կրկին առաջնային կարգի վրայ դնել հասարակաց տան հոգ տանելու հրատապ պատգամը, յոյս ներշնչել կլիմայական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ՝ եզակի հոգևոր և մշակութային ծրագիրներով, ծրախուսել կրօնական, քաղաքական և սոցիալական առաջնորդներու գործնական յանձնառումը՝ ի սպաս կլիմայական արդարութեան ու խթանել Եկեղեցւոյ, քաղաքացիական հասարակութեան և քաղաքականութիւն մշակողներու միջև երկարաժամկէտ համագործակցութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ ամսուայ մէկէն երեք Քասթեալ Կանտոլֆոյի մէջ կազմակերպուած է ««Յոյսի զարթնում` ի սպաս կլիմայական արդարութեան» վերտառութեամբ միջազգային համագումար, որ ձեռնարկուած է «Movimento Laudato Si’» Գովեալ Ըլլաս Շարժումի կողմէ, համագործակցութեամբ այլ հաստատութիւններու, Ֆրանչիսկոս Պապի «Laudato Si’» շրջաբերականի հրատարակութեան տասնամեակին առիթով։

Վերոնշեալ համագումարին նախատեսուած է 400 աւելի կրօնական ղեկավարներու, կլիմայի մասնագէտներ,ու քաղաքացիական ընկերութեան ու հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու, մասնակցութիւնը, որոնք կը ժամանեն աշխարհի տարբեր վայրերէն  Եկեղեցւոյ վարդապետութեան  լոյսի ներքոյ միասին գծելու համար Բնապահպանական դարձի իրականացման յաջորդ քայլերը։

Լեւոն ԺԴ Պապին նախագահութեամբ արարողութիւն

Չորեքշաբթի` մէկ հոկտեմբերին Քասթել Կանտոլֆոյի «Մարիափոլ»ի կեդրոնին մէջ նախատեսուած է համագումարի կեդրոն հանդիսացող «Տօնախմբել յոյսը» վերտառութեամբ արարողութիւնը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը։

Օրուան օրակարգը կը նախատեսէ բացման աղօթք ապա ելոյթ կ՛ունենան Պրազիլի Բնապահպանութեան Նախարար` Տիկ Սիլվա Մարինա եւ Տիար Արնոլտ Շուարծնեկկերը. որուն պիտի յաջորդէ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին ճառը. հուսկ միասնական յանձնառումի մը հոգեւոր պահ մը. որմէ ետքը Նորին Սրբութիւնը պիտի հանդիպի համագումարին մասնակցող կարգ մը անձանց հետ։

Յաջորդ օրերուն` այսինքն 2 եւ 3 հոկտեմբերին համագումարը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ կլոր սեղաններու եւ հոգեւոր պահերու կազմակերպութեամբ, որոնց ընթացքին համաշխարհային համբաւ ունեցող յիսունէ աւելի կրօնական ղեկավարներ, գիտնականներ քաղաքական ու քաղաքացիական ներկայացուցիչներ եւ այլ մասնագէտներ տրամադիր պիտի ըլլան հարցազրոյցներ ունենալու լրագրողներուն հետ.

Նպատակները

«Կլիմայական արդարութեան համար յոյսի զարթնում» վերտառութեամբ այս համագումարը կը նշէ Ֆրանչիսկոս Պապի «Laudato Si’» շրջաբերականի 10-ամեակը և նպատակ ունի կրկին առաջնային կարգի վրայ դնել ուհասարակաց տան հոգ տանելու հրատապ պատգամը, ապա յոյս ներշնչել կլիմայական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ՝ հոգևոր և մշակութային եզակի ծրագիրներով,  խրախուսել կրօնական, քաղաքական և սոցիալական առաջնորդներու գործնական յանձնառումը՝ ի սպաս կլիմայական արդարութեան հուսկւխթանել Եկեղեցւոյ, քաղաքացիական հասարակութեան և քաղաքականութիւն մշակողներու միջև երկարաժամկէտ համագործակցութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2025, 13:23