Որոնել

Մամլոյ ասուլիս Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ Մամլոյ ասուլիս Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ 

2025 թուականի եղբայրութեան համաշխարհային հանդիպում։ «Մարդկային ըլլալ» ատելութեան եւ պատերազմի դարաշրջանին

«Սուրբ Պետրոս» տաճարի կողմէ կազմակերպուած հանդիպումին երրորդ փուլը տեղի կ՝ունենայ սեպտեմբեր 12ին եւ 13ին։ Նախատեսուած է կարեւոր եւ մեծ միջազգային միջոցառում մը, մասնակցութեամբ հեղինակաւոր անձնաւորութիւններու։ Կարդինալ Կամպեթթի. «Կ՝ուզենք եղբայրութիւն առաջարկել որպէս մարդկային գոյութեան հնարաւոր նոր քաղաքական եւ տնտեսական կարգի հիմնաքար»։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 29 օգոստոսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացուեցաւ «Մարդկային եղբայրութեան 2025 թուականի համաշխարհային հանդիպումը», զոր տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 12-ին եւ 13ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարի մօտ։ Միջոցառումը հովանաւորուած է Սուրբ Աթոռի կողմէ՝ հաստատութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն աջակցութեամբ։

Միջոցառումը մամլոյ ասուլիսին ներկայացուց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունի, ներկայութեամբ Կարդինալ Մաուրօ Կապեթթիի եւ հայր Ֆրանչէսքօ Օքեթթայի։

Նախաձեռնութեան հիմնական նպատակն է «խորհրդածել «մարդկային ըլլալու» մասին, հակամարտութիւններով, շրջակայ միջավայրի ճգնաժամերով եւ արհեստագիտական մարտահրաւէրներով յատկանշուած աշխարհի մէջ, առաջարկելով եղբայրութիւնը, որպէս փոփոխութիւններուն բանալի։

Մամլոյ ասուլիսին, Կարդինալ Կամպեթթի ընդգծեց, որ եղբայրութիւնը կարող է ներկայացնել նոր ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական կարգ՝ առաջարկելով ուղեցոյցներ, որոնք կը յարգեն տարբերութիւնները, ներդաշնակ են արարչագործութեան հետ եւ կը պաշտպանեն իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութիւնը։

Յիշելով Լեւոն ԺԴ. Պապին հրաւէրը, ծիրանաւորը ընդգծեց եղբայրութիւնը որպէս համատեղ ուղեւորութիւնը դէպի Աստուած։ 12 սեպտեմբերին, կայանալիք հանդիպումին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ 15 թեմաներով կլոր սեղաններ՝ նուիրուած գիւղատնտեսութեան, արուեստին, կրթութեան, աշխատանքի եւ մարզանքի։ Այս կլոր սեղանները պիտի գումարուին Հռոմի եւ միջազգային հանրութեան խորհրդանշական վայրերուն մէջ՝ հաստութիւններու, քաղաքական հասարակութեան, համալսարանական շրջանակներուն եւ լրատուամիջոցներուն ներկայացուցիչներուն ներկայութեամբ ու նպատակն ունի ընդգծել եղբայրութեան արժէքն ու մարդկութեան ընդհանուր արմատները, որոնք երեք տարուան մշակութային եւ հոգեւոր ուղեւորութեան արդիւնքն են։

Հանդիպումը իր գագաթնակէտին պիտի հասնի շաբաթ 13ին։ Հռոմի քաղաքապետարանի դահլիճին մէջ պիտի գումարուի « Մարդկային ընդհանուր ժողովը» որ պիտի համակարգեն եւ ղեկավարեն Նոպէլեան մրցանակիրները ու միջազգային հաստատութիւններուն ներկայացուցիչները։ Ժողովի ընթացքին պիտի ներկայացուի կլոր սեղաններու նիստերու արդիւնքները ու նպատակ ունի ներգրաւել աշխարհի համայնքները՝ ճանչնալու թէ ինչ կը նշանակէ մարդկային ըլլալը ու այն կապերը որոնք կը միաւորեն տարբեր մշակոյթները, պատմութիւնները եւ մարդկանց կրօնները։

Շաբաթ երեկոյեան, միջոցառումին մասնակիցներուն Սուրբ Դուռէն անցումէն յետոյ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ «Շնորհք աշխարհի համար» խորագիրով միջազգային միջոցառում, որ  ուղիղ եթերով պիտի հեռարձակուի հեռատեսիլով։ Միջոցառումին իրենց մասնակցութիւն պիտի բերեն երաժշտական, արուեստական աշխարհէն հռչակաւոր անձեր։

«Սա պարզապէս գեղարուեստական միջոցառում չէ» ըսաւ միջոցառումի պատասխանատուներէն մէկը, այլ «շօշափելի հնարաւորութիւն՝ միասին ապրելու այն ինչ որ սեղաններուն շուրջ քննարկուեցան եւ փորձելու միահիւսել երաժշտութիւն, խօսքերն ու ճրագները։ Իսկական մշակութային նախագիծ մըն է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2025, 09:50