Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը   (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապ․ Արհեստական բանականութիւնը պէտք է ծառայէ մարդկային արժանապատուութեան եւ հասարակաց բարիքին

Լեւոն ԺԴ. Պապը օրէնսդիրներուն կոչ ուղղեց արհեստական բանականութեան զարգացումը առաջնորդելու իմաստութեամբ՝ պաշտպանելով մարդկային արժանապատուութիւնը, իրաւունքները, անձնական գաղտնիութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը։ Ան շեշտեց, որ արհեստական բանականութիւնը պէտք է ծառայէ մարդուն եւ հասարակաց բարիքին՝ առաջնորդուելով սիրոյ, համերաշխութեան եւ պատասխանատուութեան սկզբունքներով, եւ երբեք չվերածուի նոր ձեւի տնտեսական կամ գաղափարական գաղութատիրութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Օգոստոս 21-ին, Վատիկանի մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապ ընդունեց International Catholic Legislators Network-ի 17-րդ տարեկան հանդիպման մասնակիցները։ Իր խօսքին մէջ Պապը անդրադարձաւ «Մարդկային արժանապատուութիւն եւ արհեստական բանականութիւն․ մարտահրաւէրներ, կարելիութիւններ եւ վերահսկողութիւն» թեմային՝ ընդգծելով, որ արհեստական բանականութեան արագ զարգացումը մարդկութիւնը կը կանգնեցնէ կարեւոր բարոյական հարցի մը առջեւ․ ոչ միայն՝ «ի՞նչ կրնանք ընել», այլ նաեւ՝ «ի՞նչ պէտք է ընենք»։

Լեւոն ԺԴ. շեշտեց, որ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան հիմնական սկզբունքները՝ իւրաքանչիւր անձի անխախտ արժանապատուութիւնը, հասարակաց բարիքը, բարիքներու համընդհանուր նպատակադրումը, օժանդակութեան սկզբունքը եւ համերաշխութիւնը, պէտք է առաջնորդեն արհեստական բանականութեան զարգացման ու կիրառման վերաբերեալ որոշումները։

Օրէնսդրութիւն՝ նորարարութիւնը առաջնորդելու համար

Պապը օրէնսդիրներուն կոչ ուղղեց չխոչընդոտելու նորարարութիւնը, այլ զայն իմաստութեամբ առաջնորդելու։ Ան ընդգծեց, որ լաւ օրէնսդրութիւնը պէտք է խրախուսէ գիտական ու արհեստագիտական ստեղծագործութիւնը՝ միաժամանակ պաշտպանելով մարդու իրաւունքները, անձնական գաղտնիութիւնը, օգտատէրերը շահագործումէն եւ ժողովրդավարական հաստատութիւնները՝ ապահովելով նաեւ նորարարական արհեստագիտութիւններուն կիրառման թափանցիկութիւնը։

 Գաղութատիրութեան վտանգը

Ան նաեւ զգուշացուց, որ արհեստական բանականութեան արագ զարգացումը կրնայ նոր ձեւեր ստեղծել արհեստագիտական կախուածութեան, յատկապէս աղքատ երկիրներուն համար, որոնք աւելի ու աւելի կրնան կախեալ դառնալ հարուստ երկիրներէ։ Այս առումով Պապը նախազգուշացուց, որ նորարարութիւնը չվերածուի «գաղափարական կամ տնտեսական գաղութատիրութեան» նոր միջոցի։

Ալկորիթմներու աճող ազդեցութիւնը

Լեւոն ԺԴ. անդրադարձաւ նաեւ ալկորիթմներու աճող ազդեցութեան՝ նշելով, որ վտանգաւոր է այն իրավիճակը, երբ անոնք կը որոշեն, թէ ո՛վ տեսանելի պիտի ըլլայ եւ ո՛վ՝ անտեսանելի, երբ թուային հարթակները կ՚ազդեն հանրային բանավէճին վրայ առանց պատշաճ պատասխանատուութեան, կամ երբ աշխատաւորներու արժանապատուութիւնը կը ստորադասուի համակարգերու «արդիւնաւէտութեան»։

«Սիրոյ քաղաքակրթութիւնը»՝ իբրեւ այլընտրանք

Այս մշակոյթին հակադրելով՝ Եկեղեցին կը ներկայացնէ «սիրոյ քաղաքակրթութեան» գաղափարը։ Պապը շեշտեց, որ արհեստական բանականութիւնը պէտք է առաջնորդուի իմաստութեամբ եւ ծառայէ մարդուն՝ զարգացնելով գթասրտութիւնը, կարեկցանքն ու պատասխանատուութիւնը։

Ընտանիքը՝ մարդկայնութեան առաջին դպրոց

Լեւոն ԺԴ. նաեւ ընդգծեց ընտանիքի հիմնարար դերը՝ զայն կոչելով մարդկայնութեան առաջին դպրոցը։ Ան կոչ ուղղեց խթանելու այն քաղաքականութիւնները, որոնք կը զօրացնեն ամուսնութիւնն ու ընտանիքները, կ՚աջակցին ծնողներուն՝ իրենց դաստիարակչական առաքելութեան մէջ, եւ երիտասարդներուն հնարաւորութիւն կու տան ապագային նայելու վստահութեամբ։

«Աշխարհը կարիք չունի արհեստական բանականութեան մը, որ կը նուազեցնէ մարդկութիւնը. ան կարիք ունի իմաստութեամբ լուսաւորուած մարդկային բանականութեան, խղճմտանքով առաջնորդուող քաղաքական իշխանութեան եւ սիրով առաջնորդուող արհեստագիտական նորարարութեան», ըսաւ Քահանայապետը։

Ան ընդգծեց, որ միայն այդ պարագային արհեստական բանականութիւնը կրնայ դառնալ ոչ թէ մարդկութեան մրցակիցը, այլ հասարակաց բարիքին ծառայող միջոց մը։ Վերջաւորութեան Լեւոն ԺԴ. աղօթեց, որ օրէնսդիրներու քննարկումները բարի պտուղ տան իրենց երկիրներուն եւ ամբողջ մարդկային ընտանիքին համար, եւ բոլորին վրայ խնդրեց Աստուծոյ առատ օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

21/08/2026, 10:21