Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին Հովուական այցելութիւնները Սան Մարինօ եւ Ռիմինի

Նորին Սրբութիւնը Սան Մարինոն կ՛այցելէ Երկու Պետութիւններու միջեւ Դիւանագիտական յարաբերութիւններու 100-ամեակին առիթով ապա Ռիմինիի մէջ` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-էն ետքը երկրորդ Քահանայապետը ըլլալով կը մասնակցի Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» (Comunione e Liberazione) շարժումին կազմակերպած «Ժողովուրդներու միջեւ Բարեկամութեան Հանդիպումին»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը պատմական հովուական այցելութեամբ կը մեկնի Սան Մարինոյի Հանրապետութիւն, ապա Ռիմինի քաղաք՝ ուր կը մասնակցի «Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» շարժումին կազմակերպած «Ժողովուրդներու միջեւ Բարեկամութեան Միթինկին»

Լեւոն ԺԴ. Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-էն ետքը երկրորդ Քահանայապետը պիտի ըլլայ որ կ՛այցելէ «Միթինկը»։ Ըլլայ Ռացինկեր ըլլայ Պերկոլիօ Քահանայապետերը երբեք չեն այցելած զայն թէեւ ամէն տարի իրենց պատգամները ուղարկած են մասնակիցներուն։

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին Վատիկանէն մեկնումը նախատեսուած է առաւօտեան ժամը ութին ինքնաթիռով իսկ Սան Մարինօ Հանրապետութեան ժամանումը ժամը ինի ժամանակները։

Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու 100-ամեակը Սան Մարինոյի Մէջ

Սան Մարինոյի հանգրուանը յատուկ նշանակութիւն ունի, տրուած ըլլալով` որ ան տեղի կ՛ունենայ Սան Մարինոյի եւ Սուրբ Աթոռին միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 100-ամեակին առիթով, որոնք պաշտօնապէս սկիզբ առած են 1926 Ապրիլին։

Սան Մարինոն աշխարհի ամենափոքր պետութիւններէն մէկն է եւ կը նկատուի մինչեւ օրս գոյութիւն ունեցող հնագոյն հանրապետութիւնը, որուն հիմնադրութիւնը կը վերագրուի Գ.-Դ. դարերուն ապրած Տալմաթիացի Սուրբ Մարինոս սարկաւագին։

Այցելութեան ընթացքին Քահանայապետը հանդիպումներ կ՛ունենայ Պետական Իշխանութիւններուն, Կառավարիչ Հրամանատարներուն եւ տեղական բնակչութեան հետ։ Ան ապա կ՛ այցելէ Սան Մարինոյի Աթոռանիստ Եկեղեցին, ուր կը նախագահէ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնը եւ կը մեծարէ Սուրբ Մարինոսի մասունքները։

Փեննապիլլիի Սուրբ Անտոն Փատովացի Օգոստինեան մայրապետներու Վանքը

Կէսօրին, Նորին Սրբութիւնը կը փոխադրուի Փեննապիլլի, ուր մասնաւոր այցելութիւն կու տայ Սուրբ Անտոն Փատովացի Վանքի Օգոստինեան մայրապետներուն։

1517-ին հիմնուած վանքը այսօր կը հիւրընկալէ երիտասարդ եւ բազմամարդ համայնք մը, որ ներգրաւուած է աղօթքի, ուսման եւ աշխատանքի մէջ, ներառեալ ատաղձագործութիւնը, գեղարուեստական ապակենկարչութիւնը (վիտրաժ) եւ «Orto Amoris» կենսաբանական բանջարանոցը:

Նշենք որ Լեւոն ԺԴ. որպէս Օգոստինեաններու ընդհանուր վանահայր, արդէն այցելած էր մայրապետներուն այս վանքը 2005-ին եւ 2009-ին: Վանքի Մեծաւորուհի Մայր Ֆրանչեսքա Սերելի, մեծ ուրախութիւն կը յայտնէ անոր վերադարձին համար՝ ընդգծելով Պապին հետ եղբայրական կապը եւ համայնքին առաքելութիւնը՝ ապրելու եւ վկայելու Աւետարանը:

«Meeting»-ի Մասնակցութիւն եւ Ռիմինիի Հանգրուանը

Օրուան երկրորդ հանգրուանը կը հանդիսանայ Ռիմինի քաղաքը, ուր 1980-էն ի վեր ամէն ամառ Քաղաքի «Ցուցահանդէսի» Սրահին մէջ կը կազմակերպուի մշակութային մեծ հանդիպում մը, որ տարածք մըն է տարբեր մշակոյթներու, գաղափարներու եւ հաւատքի տէր անհատներու միջեւ երկխօսութեան։ Հաւաքի այս տարուայ բնաբանն է՝ «Սէրը, որ կը շարժէ արեւն ու միւս աստղերը» (առնուած Տանթէի «Դրախտ» քերթուածէն)։

Ռիմինիի մէջ Նորին Սրբութիւնը կ՛ այցելէ Սուրբ Օգոստինոսին եւ Լէոն Արմելիին նուիրուած ցուցահանդէսները, որմէ էտք կը հանդիպի «Meeting»-ի մասնակիցներուն հետ։

Սրբազան Պապին միօրեայ հովուական այցելութիւնը իր աւարտին կը հասնի երեկոյեան՝ Ռիմինիի նաւահանգիստին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագով, որուն կը նախորդէ Անոր հանդիպումը «Քարիթաս»ի խնամքին տակ գտնուող հիւանդներու, հաշմանդամներու եւ աղքատներուն հետ։

-------------------------------------------------------------
Այցելութեան մանրամասնութիւնները

Սան Մարինոյի մէջ՝

  • Ժամը 09:45-ին Քահանայապետը կը դիմաւորուի պաշտօնական եւ զինուորական պատիւներով եւ կ՛ այցելէ Պետական Պալատ ուր կը հանդիպի Կառավարիչ-Հրամանատարներուն եւ պետական պաշտօնեաներուն, ինչպէս նաեւ պաշտօնական ներկայացուցիչներուն։

  • Ժամը 11:15-ին կ՛ ողջունէ Ազատութեան Հրապարակին վրայ հաւաքուած ժողովուրդը անոնց տալով իր օրհնութիւնը։

  • Ժամը 11:45-ին կ՛ այցելէ Սան Մարինոյի Մայր Տաճարը, ուր կը մասնակցի Սուրբ Հաղորդութեան Երկրպագութեան եւ Սուրբ Մարինոյի մասունքներու յարգանքի արարողութեան։

  • Ապա կը մեկնի Փեննապիլլի՝ Օգոստինեան քոյրերու վանքին մասնաւոր այցելութեան համար։

Ռիմինիի մէջ՝

  • Ժամը 14:45-ին Քահանայապետը կը ժամանէ Ռիմինիի «Ֆիերա»։

  • Ան կ՛այցելէ Սուրբ Օգոստինոսին եւ Լէոն Արմէլին նուիրուած ցուցահանդէսները։

  • Ժամը 16:00-ին կը հանդիպի «Ժողովուրդներու միջեւ Բարեկամութեան Հանդիպում»ի մասնակիցներուն իր սրտին խօսքը ուղղելով անոնց։

  • Ժամը 17:30-ին Ռիմինիի Մայր Եկեղեցիին մէջ կը հանդիպի հիւանդներու, հաշմանդամներու եւ Քարիթասի կողմէ խնամուող աղքատներու հետ։

  • Ժամը 18:30-ին Ռիմինիի նաւահանգիստին մէջ կը նախագահէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը։

Քահանայապետին Վատիկան վերադարձը նախատեսուած է ժամը 21:00-ին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

22/08/2026, 07:49