Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Նորվեկիայի Լուտերական Եկեղեցւոյ խումբ մը եպիսկոպոսներ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 26 Օգոստոս 2026-ի առաւօտեան, Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութենէն առաջ, Լեւոն ԺԴ. Պապը Պօղոս Զ. անուան փոքրիկ դահլիճին մէջ ընդունեց Նորվեկիայի Լուտերական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու պատուիրակութիւն մը։
Սրբազան Քահանայապետը իր ողջոյնի խօսքին մէջ մաղթեց, որ հիւրերը առիթ ունենան այցելելու վաղ քրիստոնեաներու եւ նահատակներու հետ կապուած սրբավայրերը, «որոնց վկայութիւնը կը մնայ յարատեւ ներշնչման աղբիւր մը՝ մեր Տիրոջ հանդէպ ունեցած հաւատքին» ըսաւ Ան։
Ժամանակակից մարտահրաւէրներ եւ հաշտութեան ուղիներ
Անդրադառնալով աշխարհի ներկայ խռովայոյզ իրավիճակին՝ Սրբազան Հայրը նշեց ժողովուրդներու միջեւ աճող թշնամութիւնը, որ կը դրսեւորուի ինչպէս միջազգային բախումներու, այնպէս ալ երկիրներու ներքին քաղաքական ու ընկերային դառն խօսակցութիւններու մէջ։
Ան ընդգծեց, որ մեր անկեալ մարդկային բնութեան պատճառով դիւրին է թշնամանք տածել տարակարծիք անձերու հանդէպ։ Ապա հրաւիրեց համատեղ ճիգերով փնտռելու հաշտութեան եւ եղբայրութեան գործնական ուղիներ՝ հաստատելով, որ «բարութիւնն ու սէրը զինաթափելու ուժ ունին»։
Միութիւն եւ միացեալ առաքելութիւն
Շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն հաղորդութիւն կառուցելու փափաքին համար՝ Լեւոն ԺԴ. Պապը մեջբերեց Յիսուսի աղօթքը վասն միութեան. «Որպէսզի անոնք կատարելապէս մէկ ըլլան, որպէսզի աշխարհը գիտնայ, թէ դուն զիս ղրկեցիր եւ սիրեցիր զանոնք, ինչպէս որ զիս սիրեցիր» (Յովհ. 17։23)։
Ան իր խօսքը աւարտեց աղօթքով, որպէսզի հասարակաց Մկրտութեան վրայ հիմնուած միացեալ առաքելութիւնը աճի խաղաղութեան եւ արդարութեան ծառայութեան մէջ, եւ հրաւիրեց բոլորը՝ Աստուծոյ օրհնութեամբ ապրելու իբրեւ եղբայրներ ու քոյրեր՝ միասնական կերպոը վկայելով Յիսուս Քրիստոսը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
