«Զինաթափել արհեստագիտութիւնը, ծառայել խաղաղութեան». Յայտնի է Խաղաղութեան Համաշխարհային 60-րդ Օրուան Պատգամին Նիւթը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութիւնը` երեքշաբթի 11օգոստոս 2026-ին հրապարակած հաղորդագրութեամբ բացայայտեց Խաղաղութեան Համաշխարհային 60-րդ Օրուան Պատգամին Նիւթը։
Հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք հետեւեալը.
Խաղաղութեան Համաշխարհային 60-րդ Օրուան նշումին համար, որ տեղի պիտի ունենայ 1 Յունուար 2027-ին, Սրբազան Քահանայապետը ընտրած է հետեւեալ նիւթը. «Զինաթափել արհեստագիտութիւնը, ծառայել խաղաղութեան։ Քաղաքականութիւնը՝ իբրեւ կանխարգելիչ պատասխանատուութիւն»։
Նորին Սրբութիւնը կը փափաքի ուշադրութիւնը հրաւիրել բարոյական պատասխանատուութեան վրայ անոնց, որոնք կոչուած են գործելու քաղաքական մարզէն ներս, եւ կոչ կ'ուղղէ համայն մարդկութեան՝ խթանելու մարդկային անձին արժանապատուութիւնը եւ նպաստելու խաղաղութեան կերտումին՝ սկսելով «արհեստագիտութեան զինաթափումէն»։
Մինչ կը յիշեցնէ թէ «չկայ որեւէ ալկորիթմ, որ կարենայ պատերազմը բարոյապէս ընդունելի դարձնել» (Magnifica humanitas, թիւ 198) եւ կը զգուշացնէ զինուորական որոշումները արհեստական բանականութեան վստահելու հետ կապուած վտանգներէն, Լեւոն ԺԴ. Պապը ջերմ կոչ կ'ուղղէ միջազգային համայնքին, որպէսզի յառաջ տանի համատեղ համաձայնութիւններ, որոնք կարող են պաշտպանել մարդկային պատասխանատուութիւնն ու մարդասիրական սկզբունքները այն պարագաներուն մէջ, ուր ներգրաւուած են մարդոց կեանքն ու ժողովուրդներու համակեցութիւնը։
Խաղաղութիւնը՝ մարդկային պատասխանատուութիւն
Նշենք որ 2027-ի Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուան պատգամին ընտրուած նիւթը արհեստագիտութեան եւ խաղաղութեան միջեւ կապը կը դնէ միջազգային օրակարգի կեդրոնը։ Արհեստական բանականութեան եւ նոր արհեստագիտութիւններու արագ զարգացումը նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ մարդկութեան համար, սակայն միաժամանակ կը յառաջացնէ լուրջ բարոյական եւ քաղաքական հարցումներ։
Այս պայմաններուն մէջ, Սրբազան Քահանայապետի կոչը կը շեշտէ, որ խաղաղութիւնը չի կրնար վստահուիլ մեքենաներու կամ ալկորիթմներու։ Ան կը պահանջէ մարդկային պատասխանատուութիւն, քաղաքական իմաստութիւն եւ միջազգային համագործակցութիւն։
Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուան 60-րդ նշումը, հետեւաբար, կը ներկայանայ որպէս կոչ՝ արհեստագիտութիւնը ենթարկելու մարդկային արժանապատուութեան եւ խաղաղութեան տրամաբանութեան, եւ քաղաքականութիւնը վերածելու հակամարտութիւնները կանխելու ու ժողովուրդներու միջեւ վստահութիւն կառուցելու գործիքի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
