Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիրը՝ կարդինալ Յուլիօ Տուարտէ Լանկայի մահուան առիթով
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Մոզամպիքի Սայ-Սայի թեմի հանգուցեալ եպիսկոպոս, կարդինալ Յուլիօ Տուարտէ Լանկայի մահուան առիթով Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր յղեց Սայ-Սայի առաքելական կառավարիչ Ֆրանչիսկօ Քիմոյիոյ՝ իր մօտիկութիւնը եւ աղօթական զօրակցութիւնը յայտնելով Մոզամպիքի եպիսկոպոսներուն, հանգուցեալի ընտանիքին, թեմին եւ ամբողջ ժողովուրդին։
Սրբազան Քահանայապետը երախտագիտութեամբ յիշեց կարդինալ Լանկայի երկարամեայ քահանայական ու հովուական ծառայութիւնը՝ ընդգծելով, որ ան Յիսուս Քրիստոսէն սորվեցաւ հօտին մօտիկ գտնուելու արուեստը եւ պարզութեամբ, նախանձախնդրութեամբ ու հաստատակամութեամբ ծառայեց իրեն վստահուած ժողովուրդին։ Նորին Սրբութիւնը յատկապէս արժեւորեց կարդինալին ներդրումը խաղաղութեան եւ հաշտեցման Աւետարանի հռչակման գործին՝ ի նպաստ Մոզամպիքի ժողովուրդին եղբայրական ապագայի։
Յարութեան յոյսով լուսաւորուած այս վշտի պահուն, Լեւոն ԺԴ շնորհեց իր Առաքելական Օրհնութիւնը բոլոր անոնց, որոնք կը մասնակցին հանգուցեալ կարդինալի յուղարկաւորութեան արարողութիւններուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
