Լեւոն Պապին ցաւը Նեփալի աղէտի զոհերուն համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապը Իր խոր վիշտն ու ցաւակցութիւնը յայտնած է Նեփալի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական ջրհեղեղներուն հետեւանքով արձանագրուած մարդկային կորուստներուն եւ մեծ աւերածութիւններուն համար։
Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ հրապարակուած ցաւակցական հեռագիրին մէջ նշուած է.
«Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապը տխրութեամբ տեղեկացաւ Նեփալի մէջ յանկարծահաս ջրհեղեղներուն պատճառած մահերուն եւ աւերածութիւններուն մասին։ Ննջեցեալներու հոգիները յանձնելով Ամենակալին ողորմութեան՝ Նորին Սրբութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ սգացողներուն, ինչպէս նաեւ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը կը հաստատէ այս ողբերգութենէն տուժածներուն։ Նմանապէս աղօթք բարձրացնելով փրկարարական ընթացիկ գործողութիւններուն մէջ ներգրաւուած անձնակազմին համար՝ ան աստուածային օգնութիւն եւ պաշտպանութիւն կը հայցէ բոլորին»։
Վատիկանը վերահաստատած է Իր հոգեւոր աջակցութիւնը աղէտեալ շրջանի բնակչութեան, մինչ տեղական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ աղէտի գօտիին մէջ փրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին ծանր պայմաններու տակ։
Նշենք որ Նեփալի հիւսիսային շրջաններուն մէջ 26 Օգոստոսին տեղի ունեցած են ծանր բնական աղէտներ՝ սառոյցի ու ժայռերու ձիւնահոսք եւ յանկարծակի ջրհեղեղներ։ Ամէնէն շատ տուժած է Ռասուայի շրջանը՝ Թիպէթի սահմանին մօտ։
Այս աղէտին հետեւնաքով, ըստ նախնական տւեալներուն, արձանագրուած է առնուազն 165 զոհ եւ 826 անհետ կորսուած, մինչ Թիպէթի մէջ արձանագրուած է՝ 3 զոհ եւ 558 անհետ կորսուած։ Ջրհեղեղները քանդած են գիւղեր, կամուրջներ եւ շուրջ 40 քլմ. ճամբայ, ինչ որ կը դժուարացնէ փրկարարական աշխատանքները։
Մասնագէտներու կարծիքով՝ աղէտը յառաջացած է սառցադաշտային տարածքէ մը եկող սառոյցի եւ ժայռերու զանգուածային շարժումէ, որ փակած է գետակ մը եւ յառաջացուցած ջուրի յանկարծակի հսկայ ալիք։Ըստ հետազօտութիւններու՝ 2000 թուականէն ի վեր շրջանին մէջ սառոյցի կորուստի արագութիւնը կրկնապատկուած է, ինչը կը խորացնէ ապագայ նման աղէտներու վտանգը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
