Երկու ժողովուրդ եւ երկու պետութիւն. Քահանայապետերուն եւ Սուրբ Աթոռին անփոփոխ կեցուածքը
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի համար «Երկու պետութիւններու» լուծումը կը հանդիսանայ միակ հնարաւոր ուղին Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ արդար ու տեւական խաղաղութիւն երաշխաւորելու համար։ Դիւանագիտական այս գիծը վերջին գրեթէ ութսուն տարիներուն անդրդուելի մնացած է, որու ապացոյցն է 16 Օգոստոսին Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետի միջազգային ընտանիքին ուղղած կոչը․
«Կը նորոգեմ կոչս, որպէսզի դադրին Յորդանան գետի Արեւմտեան ափի պաղեստինցի քաղաքացիական բնակչութեան դէմ շարունակական բռնութիւնները», ըսած է Ան ՝ հրատապօրէն խնդրելով, «որ քայլեր ձեռնարկէ երկու պետութիւններու լուծումը առաջ տանելու համար՝ արդար եւ տեւական խաղաղութեան նպատակով»։
Պատմական հայեացք Քահանայապետերու կեցուածքին վրայ՝ Պիոս ԺԲ․էն մինչեւ Լեւոն ԺԴ․
Պիոս ԺԲ․ի առաջին յայտարարութիւնները կը թուագրուին 1948-ին։ «In multiplicibus curis» Շրջաբերականով Ան խնդրած է Սուրբ Երկրին մէջ հաստատել կարգ ու կանոն, որ երաշխաւորէ հոգեւոր եւ նիւթական բարօրութիւն։ Իսկ 1949ին հրապարակուած «Redemptoris nostri cruciatus» Շրջաբերականին մէջ, Պապը պահանջած է գործել «ամէն օրինական միջոցներով», որպէսզի Երուսաղէմը ստանայ «պատշաճ իրաւական կարգավիճակ»։
Պօղոս Զ․ առաջին Քահանայապետն էր, որ ճամբորդած է Սուրբ Երկիր՝ 1964ին։ Իսկ 1967-ին Վեցօրեայ պատերազմի նախօրեակին, Ան առաջին անգամ ըլլալով խօսած է պաղեստինցի ժողովուրդի օրինական իրաւունքներուն մասին՝ հարցը մարդասիրական տագնապէ վերածելով քաղաքական հիմնահարցի։
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Ու Թանթին ուղղուած պատգամին մէջ, Քահանայապետը համայն քրիստոնէութեան անունով կոչ ուղղած է գործադրելու «ամէն ջանք», որպէսզի «Երուսաղէմը, իր իւրայատուկ նուիրական եւ սուրբ հանգամանքին բերումով, յայտարարուի բաց ու անձեռնմխելի քաղաք», զերծ մնալով ամէն տեսակ զինուորական գործողութիւններէ եւ զատուած՝ պատերազմական պատահարներէն։
Յովհաննէս Պօղոս Բ․ ուժգնօրէն պահանջած է պաղեստինցիներու անկախ հայրենիք ունենալու իրաւունքը եւ, միաժամանակ, հաստատած է Իսրայէլի անվտանգ ապահովութեան մէջ ապրելու իրաւունքը՝ 1984ին՝ Իր «Redemptionis anno» թուղթով։
Ան նոյնը վերահաստատած է 2000 թուականին՝ Սուրբ Երկիր կատարած իր ուխտագնացութեան ընթացքին, որ թէեւ Քահանայապետի մը կողմէ կատարուած առաջին այցելութիւնը չէ եղած, բայց որակուած է իբրեւ «պատմական»՝ իր ունեցած կարեւորութեան պատճառով։
Պենետիկտոս ԺԶ․ 2009ին Միջին Արեւելք կատարած իր ճամբորդութեան ծիրէն ներս շեշտած է, որ «երկու պետութիւն» բանաձեւը երեւակայական չէ, այլ նախապայման է բռնութեան հոլովոյթը կեցնելու համար։ «Սուրբ Աթոռը կը պաշտպանէ ինքնիշխան պաղեստինեան հայրենիք մը ունենալու իր ժողովուրդի իրաւունքը իր նախահայրերու հողին վրայ, անվտանգ եւ խաղաղ իր դրացիներուն հետ, միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու մէջ», ըսած է Ռացինկեր Պապը։
Ֆրանչիսկոս Պապը ՝ դիւանագիտական գետնի վրայ պաշտօնականացած է Սուրբ Աթոռի կողմէ Պաղեստին Պետութեան ճանաչումը 2015ին։
Այս իրադարձութեան նախորդած էր՝ 2014-ին, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի եւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ համատեղ աղօթքը յանուն խաղաղութեան, զոր իր հերթին պտուղն էր Սուրբ Երկիր կատարած ճամբորդութեան, որու ընթացքին Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ յստակօրէն յայտարարած էր. «Հասած է պահը բոլորին համար ունենալու վեհանձնութեան եւ ստեղծագործութեան քաջութիւնը՝ ի սպաս բարիքին, խաղաղութեան քաջութիւնը, որ կը հիմնուի բոլորին կողմէ երկու պետութիւններու գոյութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու մէջ խաղաղութեամբ ու անվտանգութեամբ վայելելու իրաւունքի ճանաչման վրայ»։
Այսօր, Լեւոն ԺԴ․ Պապը կը շարունակէ նոյն ժառանգութիւնը՝ կոչ ուղղելով միջազգային ընտանիքին, որպէսզի արագացնէ երկու պետութիւններու լուծման գործադրութիւնը, զայն նկատելով միակ յուսալի հեռանկարը տագնապի յաղթահարման համար։
Նորին Սրբութիւնը հարցին անդրադարձած է նաեւ Իսթանպուլ-Պէյրութ թռիչքի ընթացքին, դէպի Թուրքիա եւ Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ժամանակ՝ յայտարարելով. «Սուրբ Աթոռը արդէն քանի մը տարիէ ի վեր հրապարակաւ կը պաշտպանէ երկու պետութիւններու լուծման առաջարկը։ Բոլորս ալ գիտենք, որ այս պահուն Իսրայէլ տակաւին չ'ընդունիր այս լուծումը, բայց մենք զայն կը նկատենք միակ ելքը, որ կրնայ լուծում առաջարկել այն հակամարտութեան, զոր անոնք շարունակ կ'ապրին»։ Խօսքեր, որոնք Ան կրկնած է 9 Յունուար 2026ին Դիւանագիտական Մարմնի հետ ունեցած ունկնդրութեան ընթացքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
