2026.08.22 Visita Pastorale nella Repubblica di San Marino - Piazza della Liberta'

«Միշտ ապրեցէք Յիսուս Քրիստոսի մէջ եղած ճշմարիտ ազատութեամբ» Լեւոն Պապը Սան Մարինոյի բնակիչներուն

Լաւագոյն մաղթանքներս ձեզի. թող որ միշտ ապրիք ճշմարիտ ազատութեամբ, Յիսուս Քրիստոսի մէջ եղած ճշմարիտ ազատութեամբ, ճշմարտութեամբ, եւ միշտ միասնական ըլլաք այս հիւրընկալ ոգիով: Լաւագոյն մաղթանքներ ամէնքիդ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սան Մարինօ կատարած հովուական պաշտօնական այցելութեան առիթով Լեւոն ԺԴ.Քահանայապետը Պետպութեան Պետական Պալատին մէջ հանդիպելէ ետք Կառավարիչ-Հրամանատարներունպետական պաշտօնական ներկայացուցիչներուն հետ որոնց ուղղեց իր պատգամը դուրս գալով Պետական Պալատի կեդրոնական պատշգամէն ողջունեց Ազատութեան Հրապարակին վրայ հաւաքուած ժողովուրդը անոնց տալով իր օրհնութիւնը։

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Պապը ըսաւ.

«Բարի՛ լոյս: Բարի՛ լոյս ամէնքիդ: Ի սրտէ շնորհակալ եմ ընդունելութեան համար այս գեղեցիկ օրուան մէջ: Իսկապէս շատ ուրախ եմ ձեզի հետ ըլլալուս, ձեզ ողջունելուս, Սան Մարինոյի այս մեծ ժողովուրդին գեղեցկութիւնը, պատմութիւնը, աւանդոյթն ու հաւատքը վայելելուս համար: Լաւագոյն մաղթանքներս ձեզի. թող որ միշտ ապրիք ճշմարիտ ազատութեամբ, Յիսուս Քրիստոսի մէջ եղած ճշմարիտ ազատութեամբ, ճշմարտութեամբ, եւ միշտ միասնական ըլլաք այս հիւրընկալ ոգիով: Լաւագոյն մաղթանքներ ամէնքիդ»:

Նորին Սրբութիւնը ապա ուղղուեցաւ Սան Մարինոյի Մայր Տաճարը, ուր մասնակցեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան Երկրպագութեան եւ Սուրբ Մարինոյի մասունքներու յարգանքի արարողութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

22/08/2026, 10:33