Որոնել

«Սան Մարինօ, եպիսկոպոսը․ հիւրընկալ եւ խաղաղութեան ուղիներու յանձնառու պետութիւն մը։»

Գերպ Տոմենիքօ Պենեւենթիի համաձայն՝ Լեւոն ԺԴ.-ի այցելութիւնը Սան Մարինօ–Մոնթէֆելթրօ թեմին համար հաւատքի ամրապնդման եւ խաղաղութեան, հաշտութեան ու հիւրընկալութեան ճանապարհներուն մէջ նոր քաջալերանքի առիթ մըն է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սան Մարինօ–Մոնթէֆելթրօ թեմի եպիսկոպոս, գերպ. Տոմենիքօ Պենեւենթին,  Լեւոն ԺԴ. Պապին Սան Մարինօ այցելութիւնը կը նկատէ «յատուկ պարգեւ» մը՝ թեմին եւ հաւատացեալներուն համար։ Ան կը նշէ, որ ժողովուրդը մեծ սպասումով կը դիմաւորէ Քահանայապետը՝ փափաքելով անոր ներկայութեամբ ամրապնդուիլ հաւատքին մէջ եւ նոր քաջալերանք ստանալ իրենց քրիստոնէական ճանապարհին։

Եպիսկոպոսին համար Սան Մարինոյի կարեւոր առանձնայատկութիւններէն մէկը համայնքի խոր զգացումն է։ Փոքր հանրապետութիւնը իր պատմութեան եւ քրիստոնէական աւանդութեան մէջ կը պահպանէ ազատութեան, անկախութեան եւ փոխադարձ աջակցութեան արժէքները։ Այս համայնքային ոգին, ըստ եպիսկոպոսին, կրնայ հակադրուիլ աշխարհիկութեան մտածելակերպին եւ Սան Մարինոն դարձնել յոյսի, ընդունելութեան ու մարդկային արժանապատուութեան վկայութեան վայր։

Գերպ. Պենեւենթի նաեւ կը շեշտէ խաղաղութեան եւ հաշտութեան կարեւորութիւնը։ Սան Մարինօ կը փորձէ իր «գործօն չէզոքութեան» քաղաքականութեան միջոցով նպաստել երկխօսութեան եւ խաղաղութեան ճանապարհներուն՝ ըլլալով ընդունող պետութիւն մը, որ պատրաստ է իր փոքր տարածքէն խաղաղութեան պատգամ փոխանցելու աշխարհին։

Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի նաեւ երիտասարդներուն։ Անոնք կ՚ուզեն այլեւս միայն ուշադրութեան եւ հոգատարութեան արժանացողներ չըլլալ, այլ՝ ապագայի կերտման իրական մասնակիցները։ Եպիսկոպոսը կը յուսայ, որ Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումը պիտի քաջալերէ երիտասարդները եւ պիտի օգնէ անոնց ձայնը վերածելու նոր նախաձեռնութիւններու՝ Եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան նորոգութեան համար։

Լեւոն ԺԴ.-ի այցելութիւնը նաեւ կը շարունակէ Սան Մարինոյի մէջ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի 1982-ի եւ Պենետիկտոս ԺԶ.-ի 2011-ի այցելութիւններուն կենդանի յիշատակը։ Այս նոր այցելութեամբ փոքր հանրապետութիւնը կը ցանկայ վերահաստատել իր քրիստոնէական ինքնութիւնը եւ իր ներդրումը՝ հանուն խաղաղութեան, հաշտութեան եւ յոյսի։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

21/08/2026, 15:10