Հրապարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի Ֆրանսա այցելութեան օրակարգը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին 25-28 Սեպտեմբեր 2026-ին, Ֆրանսա նախատեսուած առաքելական այցելութեան օրակարգը, որուն ծիրին մէջ Սրբազան Հայրը նաեւ պիտի այցելէ ՄԱԿ-ի Կրթութեան, Գիտութեան եւ Մշակոյթի Կազմակերպութեան (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) Փարիզի կեդրոնատեղին։
Առաքելական այցելութիւնը պիտի սկսի 25 Սեպտեմբերին՝ Փարիզ հասնելով, ուր Քահանայապետը պաշտօնական հանդիպումներ պիտի ունենայ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին, պետական իշխանութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն եւ դիւանագիտական մարմինի անդամներուն հետ։ Նոյն օրը Ան այցելութիւն պիտի տայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնատեղի, ուր նախատեսուած է իր ելոյթը, ապա Նոթր Տամ տաճարին մէջ պիտի նախագահէ Երեկոյեան ժամերգութեան, իսկ օրուան աւարտին Սէն-Տընիի «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտին մէջ պիտի մասնակցի երիտասարդներու աղօթական հսկումին։
26 Սեպտեմբերին Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ Փարիզի «Maison Bakhita» ընկերային ուղեկցութեան եւ համարկման կեդրոնը, ապա հանդիպում պիտի ունենայ նահանգային սիւնհոդոսական ժողովի անդամներուն, կաթողիկէ հաւատքի պատրաստուողներուն եւ նորամկրտեալներուն հետ։ Կէսօրէ ետք Ան Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ «Place de la Concorde» հրապարակին վրայ, ապա օդանաւով պիտի մեկնի Լուրտ ուր՝պիտի աղօթէ Մասապիէլի յայտնութիւններու քարայրին մէջ։
Յաջորդ օրը, 27 սեպտեմբերին, Քահանայապետը պիտի հանդիպի Ֆրանսայի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամներուն, պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագին Լուրտի սրբավայրին մէջ, ապա հանդիպումներ պիտի ունենայ ուխտաւորներուն, «Accueil Notre-Dame» կեդրոնի աշխատակիցներուն եւ խնամուողներուն, ինչպէս նաեւ առանձնազրոյց մը պիտի ունենայ խորհրդածական կեանքով ապրող կրօնաւորուհիներուն հետ։ Երեկոյեան Սրբազան Հայրը պիտի նախագահէ Սուրբ Վարդարանի աղօթքին եւ մոմավառ թափօրին։
Առաքելական այցելութեան վերջին օրը՝ 28 Սեպտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. պիտի մեկնի Մեց, ուր պիտի մասնակցի միջկրօնական հանդիպումի եւ «Դէպի Եւրոպայի արմատները՝ խաղաղութեան եւ միութեան համար» խորագիրով համագումարին՝ երկու նախաձեռնութիւններուն ալ արտասանելով պատգամներ։ Այցելութեան աւարտին Ան Մեցի Սուրբ Ստեփանոս մայր տաճարին մէջ պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագին, ապա հրաժեշտի արարողութենէն ետք պիտի վերադառնայ Հռոմ։
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Ֆրանսայի առաքելական այցելութեան ընթացքին պիտի հանդիպի Եկեղեցւոյ մէջ բռնաբարումներու զոհերուն
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց նաեւ, թէ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը իր յառաջիկայ առաքելական այցելութեան ընթացքին, Ֆրանսայի մէջ մասնաւոր հանդիպում մը պիտի ունենայ Եկեղեցւոյ մէջ բռնաբարումներու զոհ դարձած շարք մը անձերու հետ։
Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպումը պիտի կազմակերպուի ամբողջովին անձնական մթնոլորտի մէջ, իսկ զոհերը իրենք պիտի մասնակցին այդ հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքներուն՝ նպաստելով անոր բովանդակութեան եւ ընթացքին։
Սուրբ Աթոռը նաեւ յայտնեց, թէ հանդիպման վերաբերեալ աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ, անհրաժեշտութեան պարագային, պիտի հրապարակուին յետագային։ Այս նախաձեռնութիւնը կը միտի վերահաստատելու Սրբազան Հօր մօտիկութիւնը տուժածներուն եւ Եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը՝ անոնց ցաւը լսելու, ուղեկցելու եւ արդարութեան ու ապաքինման ճանապարհը խրախուսելու։
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի Ֆրանսա այցելութեան նշանաբանն ու կարգախօսը
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետի, 25-էն 28 սեպտեմբերին, Ֆրանսա կատարելիք առաքելական այցելութեան համար պատրաստուած է յատուկ նշանաբան մը, որ իր ձեւաւորումով կը յիշեցնէ գոթական տաճարներու կլոր, վարդաձեւ ապակենկարները՝ խորհրդանշելով Եկեղեցւոյ մէջ հաղորդութեան եւ միութեան գեղեցկութիւնը։
Նշանաբանին կեդրոնական բաժնին մէջ սրածայր կամարը եւ Խաչը կը ներկայացնեն այցելութեան առաքելական եւ ծիսական բնոյթը։ Պատկերի սրտին մէջ թռչող աղաւնին կը խորհրդանշէ Սուրբ Հոգին. ան իր կտուցին մէջ կը կրէ ձիթենիի ճիւղ մը՝ իբրեւ խաղաղութեան նշան ամբողջ մարդկութեան համար։
Կապոյտ, սպիտակ եւ կարմիր երանգները, լոյսը խորհրդանշող դեղին-նարնջագոյն երանգներուն եւ յոյսը ներկայացնող կանաչին հետ, կը միաձուլեն Ֆրանսայի եւ Վատիկանի գոյները՝ միաժամանակ ընդգծելով այցելութեան հոգեւոր խորութիւնը։
Այցելութեան կարգախօսն է՝ «Որպէսզի աշխարհը կեանք ունենայ» (Յովհ 6,51), որ կոչ մըն է ճանչնալու Քրիստոս Փրկիչին բերած մեծագոյն պարգեւը։ Այս պատգամը նաեւ կը շեշտէ յոյսն ու հաղորդութիւնը՝ քաջալերելով յաղթահարել բաժանումները եւ միասին կառուցել խաղաղութեան, հաշտութեան եւ եղբայրութեան ճանապարհը՝ իբրեւ աշխարհի նոր կեանքի նշաններ։Այս բառերուն մէջ կը դրսեւորուի նաեւ Ֆրանսայի Եկեղեցւոյ վերաբերմունքը Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան հանդէպ՝ ընդունելով զայն ուրախութեամբ, բաց սրտով եւ Աստուծմէ եկող կեանքը բոլորին վկայելու խոր ցանկութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
