Ինտոնեզիա, բնական աղէտ, երկրաշարժ Ինտոնեզիա, բնական աղէտ, երկրաշարժ 

Լեւոն ԺԴ. Պապին ցաւակցական հեռագիրը Ինտոնեզիոյ երկրաշարժի զոհերուն համար

Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը խոր ցաւով իր հոգեւոր մօտիկութիւնը յայտնած է Ինտոնեզիոյ Նուսա Թենկկարա Արեւելեան շրջանին մէջ երկրաշարժէն տուժածներուն, յատկապէս զոհերու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն եւ տեղահանուածներուն։ Ան աղօթած է զոհուածներուն հոգիներուն համար եւ իր գնահատանքը յայտնած է փրկարարական ու մարդասիրական աշխատանքներ իրականացնող եկեղեցական եւ քաղաքացիական մարմիններուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը խոր ցաւով տեղեկացած է Ինտոնեզիոյ Նուսա Թենկկարա Արեւելեան նահանգին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառած աւերածութիւններուն մասին։ Այս առիթով Ան իր հոգեւոր մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին աղէտին ծանր հետեւանքներէն, մասնաւորաբար բազմաթիւ տեղահանուածներուն եւ վիրաւորներուն։

Պապը քաջալերած է Եկեղեցւոյ եւ քաղաքացիական իշխանութիւնները, որոնք կը շարունակեն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել աղէտէն տուժածներուն։ Ան նաեւ իր աղօթքը բարձրացուցած է փրկարար եւ արտակարգ իրավիճակներու աշխատակիցներուն համար, որոնք կը մասնակցին որոնողափրկարարական աշխատանքներուն։

Սրբազան Քահանայապետը զոհերուն հոգիները յանձնած է Ամենակալ Աստուծոյ ողորմած սիրոյն եւ հայցած է անոր աստուածային օրհնութիւնները՝ մխիթարութիւն եւ ուժ պարգեւելու համար բոլոր տուժածներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։

Հեռագիրը ստորագրած է Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

17/08/2026, 11:15