Զիմպապուէ, բնական աղէտ, զոհեր Զիմպապուէ, բնական աղէտ, զոհեր  (AFP or licensors)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ցաւակցութիւն յայտնեց Քարիպա լիճի նաւաբեկութեան զոհերուն համար

Լեւոն ԺԴ. Պապը խոր ցաւակցութիւն յայտնեց Զիմպապուէյի Քարիպա լիճի նաւաբեկութեան զոհերուն ընտանիքներուն՝ հանգուցեալներու հոգիները յանձնելով Աստուծոյ ողորմութեան։ Ան իր աղօթքները վստահեցաւ նաեւ փրկարարներուն եւ բոլոր տուժածներուն համար՝ հայցելով Աստուծոյ մխիթարութիւնը, բժշկութիւնն ու զօրութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը խոր ցաւով իմացած է Զիմպապուէյի Քարիպա լիճին մէջ պատահած նաւաբեկութեան մասին, որ մարդկային կեանքերու կորուստ պատճառած է։ Քահանայապետին անունով ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։

Հեռագիրին մէջ Քահանայապետը հանգուցեալներու հոգիները կը յանձնէ Ամենակալ Աստուծոյ ողորմած սիրոյն եւ իր անկեղծ ցաւակցութիւնները կը յայտնէ անոնց կորուստը սգացող ընտանիքներուն ու հարազատներուն։ Ան նաեւ իր աղօթքները կը վստահի քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ փրկարարական աշխատանքներուն մասնակցող անձնակազմերուն, որոնք կը դիմագրաւեն այս ողբերգութեան հետեւանքները։

Նորին Սբրութիւնը բոլոր տուժածներուն համար կը հայցէ Աստուծոյ մխիթարութեան, բժշկութեան եւ զօրութեան օրհնութիւնները։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

18/08/2026, 11:25