Լեւոն ԺԴ.․ «Եւրոպան եւ աշխարհը ձեզմէ նոր սուրբեր կը սպասեն»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
6 Օգոստոս 2026-ին, Պայծառակերպութեան տօնին օրը, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը հովուապետական այցելութիւն մը տուաւ Ասիզիի Սանթա Մարիա տելյի Անճելի սրբավայրը, ուր նախագահեց Սուրբ Պատարագին՝ «Go! Franciscan Youth Meeting 2026!» հաւաքին մասնակցող հազարաւոր երիտասարդներու ներկայութեամբ։
Համաեւրոպական հանդիպման մասնակցող հազարաւոր երիտասարդներուն ուղղուած իր քարոզին մէջ, Քահանայապետը կոչ ուղղեց երիտասարդներուն՝ համարձակութեամբ ապրելու Աւետարանը, դառնալու խաղաղութեան եւ եղբայրութեան վկաներ ու նոր յոյս ներշնչելու աշխարհին։
Պայծառակերպութիւնը՝ կեանքի փոխակերպման ուղի
Մեկնաբանելով Քրիստոսի Պայծառակերպութեան աւետարանական դրուագը՝ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Յիսուսի հետ հանդիպումը կեանքը կը փոխակերպէ եւ մարդը կը մղէ պատմութեան մէջ նոր էջեր բանալու։ Ան յիշեցուց, թէ Ասսիզին այն վայրն է, ուր Սուրբ Ֆրանչիսկոսը, Սուրբ Քլարան եւ անոնց հետեւած բազմաթիւ երիտասարդներ «առանց զիջումներու» ընդունեցին Աւետարանը եւ իրենց կեանքը դարձուցին Աստուծոյ լոյսին արտացոլումը։
Լեւոն ԺԴ. ըսաւ, թէ Քրիստոսի փառքը իշխանութեան կամ յաղթանակի փառք չէ, այլ Աստուծոյ ներկայութիւնն է, որ կը լուսաւորէ մարդուն ճանապարհը։ Ան ընդգծեց, որ քրիստոնեան կոչուած է ոչ միայն դիտելու, այլ Յիսուսի հետ մտնելու երկխօսութեան մէջ, լսելու Աստուծոյ խօսքը եւ այդ լոյսով մեկնաբանելու իր ժամանակը։
Եկեղեցին՝ լսելու, զանազանելու եւ որոշումներու դպրոց
Անդրադառնալով երիտասարդներու հանդիպման փորձառութեան՝ Սրբազան Հայրը նշեց, որ անոնք այս օրերուն սորվեցան աղմուկի եւ հակադրուող ձայներու փոխարէն զարգացնել իրական զրոյցի մշակոյթը, նշելով որ Եկեղեցին այն համայնքն է, ուր մարդը կը սորվի տարբերել Աստուծոյ ձայնը սեփական կարծիքներէն եւ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ համարձակ որոշումներ առնել։
Ֆրանչիսկեան հոգեւորութիւնը՝ մարդկային յարաբերութիւններու վերանորոգում
Քահանայապետը յատկապէս շեշտեց ֆրանչիսկեան հոգեւորութեան արժէքը՝ որպէս Աստուծոյ, մարդոց եւ ամբողջ արարչագործութեան հետ խզուած յարաբերութիւնները վերականգնելու ճանապարհ։ Իր առաջին «Magnifica humanitas» շրջաբերականէն մէջբերելով՝ Ան յիշեցուց, որ իւրաքանչիւր սերունդ կոչուած է իր ժամանակը մարդկային աւելի արժանապատիւ, արդար եւ եղբայրական դարձնելու։
Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ու Սուրբ Քլարայի օրինակին անդրադառնալով՝ Լեւոն ԺԴ. ըսաւ, որ անոնց մեծութիւնը կը կայանար Յիսուսի աւելի հաւատարիմ հետեւելու համարձակութեան մէջ, նոյնիսկ երբ անիկա անըմբռնելի կը թուէր իրենց շրջապատին։ Այդ պատճառով ալ, ութ դար անց, անոնք տակաւին կը շարունակեն ներշնչել նոր սերունդները։
«Go!»՝ առաքելութիւն դէպի աշխարհի ծայրամասերը
Նորին Սրբութիւնը քարոզը եզրափակեց կոչ ուղղելով երիտասարդներուն ըսաւ.
«Այսօր Եւրոպան եւ ամբողջ աշխարհը ձեզմէ նոր սուրբեր կը սպասեն։ Համարձակեցէ՛ք հաւատալ Աւետարանին, ընդունեցէ՛ք Քրիստոսի ազատութիւնը եւ գրկեցէ՛ք քոյր աղքատութիւնը»։ Ան բացատրեց, թէ հանդիպման նշանաբանը՝ «Go!», պարզ հրահանգ մը չէ, այլ առաքելութիւն՝ մեկնելու այնտեղ, ուր անարդարութիւնը կը վիրաւորէ մարդկային արժանապատուութիւնը։
Յղում կատարելով Ֆրանչիսկոս Պապի «Evangelii gaudium» առաքելական յորդորին՝ Լեւոն ԺԴ. զգուշացուց «Տիրոջ վէրքերէն հեռու մնացող քրիստոնեայ» ըլլալու գայթակղութենէն եւ երիտասարդները հրաւիրեց մօտենալու տառապող մարդուն, ծառայելու խաղաղութեան ու կեանքին, նոյնիսկ աշխարհի ամենադաժան հակամարտութիւններուն մէջ։
«Քրիստոս կը վստահի ձեզի»
Վերջաւորութեան Քահանայապետը հրաւիրեց երիտասարդները իրենց ուսումը, աշխատանքը, ընկերութիւնը, սէրն ու աղօթքը միաւորելու «սիրոյ քաղաքակրթութեան» կառուցման գործին մէջ՝ յիշեցնելով Սուրբ Ֆրանչիսկոսին վերագրուող աղօթքը. «Տէ՛ր, զիս Քու խաղաղութեանդ գործիքը ըրէ»։ Քահանայապետը մաղթեց, որ Ասսիզիի այս օրերը դառնան երիտասարդներուն համար նոր առաքելութեան սկիզբ, վստահեցնելով. «Քրիստոս կը վստահի ձեզի, կ՚ապաւինի ձեզի, միշտ ձեզի հետ կը մնայ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
