Որոնել

2023.08.04 Olivio (Ecuador) e 3 giovani del Kenya

Լեւոն ԺԴ. Պապը Էքուատորի երիտասարդներուն կոչ ուղղեց՝ ապրելու Քրիստոսի ուրախութեամբ եւ վկայելու անոր սէրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը Էքուատորի երիտասարդներուն ուղղած պատգամին մէջ կոչ ըրաւ հետեւելու Քրիստոսի, ապրելու անոր սիրով եւ իրենց վկայութեամբ տարածելու ուրախութեան, ներողամտութեան, հաշտութեան ու խաղաղութեան պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Էքուատորի մէջ տեղի ունեցող Երիտասարդութեան ազգային 7-րդ օրուան առիթով, որ կը կայանայ յուլիս 31-էն մինչեւ օգոստոս 2՝ Իպարրա քաղաքին մէջ, Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը լսատեսողական պատգամով մը ողջունեց յղեց երկրին երիտասարդները՝ քաջալերելով զանոնք հետեւելու Քրիստոսի կոչին եւ իրենց կեանքով վկայելու Աւետարանի պատգամը։

Պապը իր պատգամին մէջ յիշեցուց օրուան նշանաբանը՝ «Քաջալերուեցէ՛ք, ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհ. 16,33), եւ ընդգծեց, որ Յիսուս Քրիստոսի հետ հանդիպումը սիրտը կը լեցնէ ուրախութեամբ ու հաւատքով՝ մարդուն ուժ տալով դառնալու Աստուծոյ սիրոյ եւ ողորմութեան վկան։

«Այսօր Եկեղեցին ձեր ուրախութեան, ձեր քաջութեան եւ ձեր վկայութեան կարիքը ունի», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Պապը՝ երիտասարդներուն կոչ ուղղելով ըլլալու Քրիստոսը ուրիշներուն ծանօթացնողներ եւ տարածելու ներողամտութեան, հաշտութեան ու խաղաղութեան մշակոյթը։

Սրբազան Քահանայապետը նաեւ յորդորեց երիտասարդները՝ իրենց կեանքը փոխակերպել Քրիստոսի սիրով եւ բացուիլ Աստուծոյ ծրագիրին հանդէպ՝ օրինակ ունենալով Սուրբ Կոյս Մարիամը, որ ամբողջովին նուիրուեցաւ Տիրոջ կամքին։

Վերջաւորութեան, Պապը Էքուատորի բոլոր երիտասարդները յանձնեց Տիրամօր պաշտպանութեան եւ անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը՝ Հօր, Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյ անունով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

02/08/2026, 19:00