Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աունը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը այսօր ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունը։ Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն հանդիպեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի եւ Պետութիւններու ու Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար արքեպիսկոպոս Փօլ Ռիչըրտ Կալակերի հետ։
Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ ու անկեղծ քննարկումներուն առանցքը կազմեց ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ստորագրուած «Եռակողմ շրջանակային համաձայնագիրը», որուն նպատակն է կայունացնել Լիբանանի հարաւային սահմանները եւ հասնիլ արդար ու տեւական խաղաղութեան։ Սուրբ Աթոռը գոհունակութիւն յայտնեց համաձայնագիրի ստորագրութեան առիթով, սակայն միաժամանակ լուրջ մտահոգութիւն արտայայտեց անոր գործադրութեան ներկայիս դժուարութիւններուն նկատմամբ եւ վերահաստատեց իր աջակցութիւնը համաձայնագիրի իրականացման ուղղութեամբ տարուող ջանքերուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
