Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը   (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պատերազմին եւ աւերումին յատկացուած ուժերը թող ծառայեն կեանքին

Լեւոն ԺԴ. Պապը ստեղծագործութեան պահպանութեան համար աղօթքի Համաշխարհային օրուան պատգամին մէջ կոչ ուղղած է խաղաղութեան, նշելով, որ պատերազմը ոչ միայն մարդկային կեանքեր կը խլէ, այլեւ կը քայքայէ բնութիւնը եւ կը խորացնէ աղքատութիւնն ու անհաւասարութիւնը։ Ան ընդգծած է սրտերու ներքին դարձի անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ ըրած է «սուրերը խոփերու» վերածելու՝ զէնքերու փոխարէն ճշմարտութիւնը, երկխօսութիւնը, արդարութիւնն ու սէրը դարձնելով խաղաղութեան միջոցներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Համաշխարհային օրուան առիթով, որ նուիրուած է ստեղծագործութեան պահպանութեան համար աղօթքին, Լեւոն ԺԴ. Պապը կոչ ուղղած է մարդկութեան՝ վերանորոգելու սրտերը, խաղաղութիւն կառուցելու եւ հոգ տանելու Աստուծոյ կողմէ մարդուն վստահուած ստեղծագործութեան։ Իր պատգամին մէջ, որ հրապարակուած է «Իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիցակներէն յօտոցներ պիտի շինեն» (Եսայի 2,4) խորագրով, Քահանայապետը ընդգծած է, որ պատերազմը եւ շրջակայ միջավայրի քայքայումը իրարու խորապէս կապուած են։

Պապը շեշտած է, որ ներկայիս աշխարհը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ ճգնաժամեր եւ մարդկային տառապանքներ, մինչդեռ ստեղծագործութեան ներդաշնակ հաւասարակշռութիւնը արագօրէն կը քայքայուի։ Անոր համաձայն՝ այս երեւոյթները անջատ չեն իրարմէ, այլ վիրաւոր աշխարհի մը բուժման եւ խաղաղութեան միացեալ աղաղակն են։

Լեւոն ԺԴ. դատապարտած է պատերազմը՝ ընդգծելով, որ անոր հետեւանքները կը տարածուին մարտադաշտէն շատ անդին. պատերազմը զոհեր կը խլէ, ընտանիքներ կը բաժնէ, միլիոնաւոր մարդիկ կը ստիպէ լքելու իրենց տուները եւ կը ստեղծէ վախի, անարդարութեան ու բաժանումի մթնոլորտ։ Միաժամանակ, զինուած հակամարտութիւնները կը քայքայեն բնութիւնը, կը աղտոտեն օդն ու ջուրը եւ կը վտանգեն սննդային ապահովութիւնը՝ խորացնելով աղքատութիւնն ու անհաւասարութիւնը։

Քահանայապետը ընդգծած է, որ խաղաղութեան հաստատումը չի կրնար սահմանափակուիլ քաղաքական եւ ընկերային կառոյցներու բարեփոխումով։ Ան անհրաժեշտ նկատած է նաեւ մարդու սրտի խոր վերափոխումը, քանի որ բռնութիւնը, անարդարութիւնը եւ ստեղծագործութեան շահագործումը, իր խօսքով, կապուած են մարդու ներքին անհաւասարակշռութեան, իշխանութեան ձգտումին եւ անմիջական շահի հետապնդումին հետ։

Լեւոն ԺԴ. յիշեցուցած է Եսայի մարգարէի տեսիլքը՝ «սուրերը խոփերու վերածելու» մասին՝ զայն ներկայացնելով ոչ միայն ժողովուրդներուն, այլեւ իւրաքանչիւր մարդու ուղղուած կոչ։ Ան շեշտած է, որ պատերազմի համար օգտագործուող միջոցները պէտք է վերածուին մարդկային զարգացման, աղքատներու օգնութեան, քաղցածներու կերակրման եւ ստեղծագործութեան պահպանութեան միջոցներու։

Պատգամին աւարտին Պապը կոչ ուղղած է ընտրելու խաղաղութեան ճշմարիտ գործիքները՝ ճշմարտութիւնը, երկխօսութիւնը, համբերութիւնը, բարութիւնը, արդարութիւնը, ողորմութիւնը, փոխըմբռնումը, հոգատարութիւնն ու սէրը։ Ան յոյս յայտնած է, որ ներքին վերանորոգման միջոցով մարդկութիւնը կրնայ «անապատէն դէպի պարտէզ, բաժանումէն դէպի հաղորդութիւն եւ բռնութենէն դէպի խաղաղութիւն» անցնիլ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

20/08/2026, 11:40