Լեւոն ԺԴ.ի քաջալերական սրտաբուխ խօսքերը Ռիմինիի «Միթինկի» երիտասարդներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ռիմինիի մէջ տեղի ունեցող «Ժողովուրդներու միջեւ Բարեկամութեան Միթինկ»-ին առիթով Լեւոն ԺԴ. Պապը շաբաթ 20 Օգոստոսի երեկոյեան հանդիպեցաւ հազարաւոր երիտասարդներու, որոնք հաւաքուած էին քաղաքին մէջ՝ մասնակցելու այս կարեւոր նախաձեռնութեան։
Սրբազան Պապը, այցելելէ ետք Սուրբ Օգոստինոսին եւ Լէոն Արմէլին նուիրուած ցուցահանդէսները, նախքան «Ցուցահանդէսի» սրահին մէջ «Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» կաթողիկէ շարժումի անդամներուն հետ հանդիպիլը, ուզեց անձամբ ողջունել այն բազմաթիւ երիտասարդները, որոնք չէին կրնար տեղաւորուիլ սրահին մէջ։
Երիտասարդներուն ուղղած իր առաջին ողջոյնի խօսքին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ իրենց ներկայութեան, ընդունելութեան եւ խանդավառութեան համար, զորս ան բնորոշեց իբրեւ Սուրբ Հոգիին նշան։
Պապը յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի տարիներ առաջ արտասանած խօսքը, «Այսօրուան աշխարհը եթէ բանի մը պէտք ունի, այդ ալ հաղորդութիւնն է (միութիւնն է)» որմէ մեկնելով շեշտեց, որ այդ հաղորդութիւնը պէտք է սկսի երիտասարդներէն, որովհետեւ անոնք կարող են «հաղորդութիւն կերտել բարեկամութեամբ» գիտեն «իրար հանդէպ յարգանք ունենալ խաղաղութիւն կառուցանելու համար»։
«Աշխարհը պէտք ունի ձեզի», ըսաւ Սրբազան Պապը՝ երիտասարդներուն յիշեցնելով անոնց խանդավառութեան, սիրոյ եւ հաւատարմութեան կարեւորութիւնը։ Ան իր խօսքը աւարտեց օրհնութեամբ եւ կոչով՝ միշտ հաւատարիմ մնալու Յիսուս Քրիստոսի։
Այնուհետեւ Լեւոն ԺԴ. Պապը ուղղուեցաւ այլ սրահ մը ուր համախմբուած էին այլ երիտասարդներ զոր Սրբազան Պապը ողջունեց ջերմօրէն եւ ուրախութիւն յայտնեց՝ տեսնելով զիրենք միասին։
«Ողջոյն, տղաք: Բարի լոյս… Չէք գիտեր, թէ որքան գեղեցիկ է տեսնել ձեզ բոլորդ հոս՝ միասին: Եւ դուք միայն փոքր մաս մըն էք, որովհետեւ մէկ այլ կողմը աւելի շատ կան: Ապրի՛ք, շատ ապրիք» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ «Ամենէն ուժեղ ծափահարութիւնները պէտք է ըլլան Յիսուս Քրիստոսի համար» որովհետեւ «մենք բոլորս Յիսուսի աշակերտներն ենք»:
«Հոս բազմաթիւ առիթներ կան մեր կեանքին, ընկերութեան եւ հաւատքին շուրջ մտածելու» շարունակեց Սրբազան Պապը ակնարկելով անձի մը որ «քիչ առաջ Սուրբ Օգոստինոսի կեանքին մասին կը խօսէր, որ սիրոյ մասին կը խօսէր»:
«Սէրը, յարեց Նորին Սրբութիւնը, այն ուժն է, որ իրապէս կրնայ փոխել աշխարհը» բացատրելով թէ «եթէ մենք բոլորս կ՚ուզենք փոխել աշխարհը, սկսինք մենք մեզմէ» ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոսը:
«Ձեր սիրտը, մեր սիրտը, որ այնքան մեծ է եւ այնքան ընդունակ է սիրելու, բնաւ պէտք չէ փակ ըլլայ: Բոլորս փնտռենք միասին քալելու ճամբան՝ խաղաղութեան եւ սիրոյ աշխարհ մը կերտելու համար» եղաւ Սրբազան Պապին հրաւէրը երիտասարդներուն վստահութիւն յայտնելով, որ երիտասարդներու խանդավառութեամբ, հաւատքով եւ սիրով կարելի է կառուցել աւելի խաղաղ եւ եղբայրական աշխարհ մը։
«Շարունակեցէ՛ք այս չքնաղ ճանապարհորդութիւնը», պատգամեց Սրբազան Պապը՝ երիտասարդները քաջալերելով ապրիլ նոյն խանդավառութեամբ եւ հաւատքով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
