Որոնել

2026.07.25 video messaggio del Papa ai vescovi asiatici

Լեւոն ԺԴ. կրօնաւորուհիներուն․ «Եղէ՛ք սինոդականութեան մասնագէտներ եւ յոյսի վկաներ»

Քահանայապետին լսատեսողական պատգամը՝ «Leadership Conference of Women Religious»-ի հիմնադրութեան 70-ամեակին առթիւ։․ Միութիւնը, շնորհքները, կոչումները եւ առաքելութիւնը՝ նուիրեալ կիներուն եւ այդ մարդոց ուղղուած պատգամի կեդրոն։ «Այսպէս, միասնաբար, պիտի յաջողիք դիմակայել անտարբերութեան եւ անկարողութեան համաշխարհայնացումը՝ Քրիստոսի սիրոյ եւ ողորմութեան դարմանով» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Միացեալ Նահանգներու «Leadership Conference of Women Religious» (LCWR) կազմակերպութեան հիմնադրութեան 70-ամեակին առթիւ, Լեւոն ԺԴ. Պապը այսօր օգոստոս 12-ին, անգլերէն լեզուով լսատեսողական պատգամ մը ուղղեց 2026-ի տարեկան Համագումարի մասնակիցներուն՝ որուն մէջ ընդգծեց նուիրեալ կեանքի էական դերը Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ։

Հաղորդութիւն եւ միութիւն

Քահանայապետը նախ եւ առաջ շեշտը դրաւ հաղորդութեան եւ միութեան վրայ։

«Թէեւ կու գաք տարբեր պատմութիւններով եւ առաքելութիւններով համայնքներէ, կարեւոր է յիշել միութիւնը խթանելու անհրաժեշտութիւնը ձեր Միաբանութիւններուն ներսը եւ անոնց միջեւ, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Եկեղեցւոյ մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը յիշեցնելով նաեւ թէ «բոլոր քրիստոնեաները կոչուած են ըլլալու Քրիստոսի հաղորդութեան կերտիչներ, որ ձեւ կը ստանայ սինոդական Եկեղեցիի մը մէջ, ուր իւրաքանչիւր ոք կը համագործակցի նոյն առաքելութեան՝ իր շնորհքին եւ սպասաւորութեան համեմատ»։

Դառնալ սինոդականութեան մասնագէտ

«Մասնաւորաբար, կրօնաւորական կեանքի անդամները կոչուած են դառնալու սինոդականութեան մասնագէտներ» յարեց Սրբազան Քահանայապետը գնահատանք յայտնելով Համագումարին նախատեսած մեթոտին համար, որ հիմնուած է մտիկ ընելու, համեմատելու եւ զատորոշումի վրայ, դիտել տալով, որ ուրիշներուն հանդէպ բացուելու վերաբերմունքը կարելիութիւն կու տայ ստեղծելու պայմաններ՝ ճանչնալու համար, թէ Սուրբ Հոգին ինչ կ՛ըսէ Եկեղեցիին, եւ հասկնալու նուիրեալ կեանքի ներկայ ու ապագայ մարտահրաւէրները։

Բազմաթիւ շնորհքներ, մէկ Հոգի, մէկ կոչում

Ակնարկելէ ետք պատմութեան ընթացքին նուիրեալ կիներու եւ այր մարդոց բերած նպաստին՝ աւետարանութեան, դաստիարակութեան, աղքատներու խնամքի եւ լուսանցքայնացուած անձերու ընկերակցութեան մարզերէն ներս Նորին Սրբութիւնը յիշեց համագումարի բնաբանը՝ «Բազմաթիւ շնորհքներ, մէկ Հոգի, մէկ կոչում» հրաւիրելով Միաբանութիւնները վերստին յայտնաբերելու իրենց հիմնադիրներուն եւ հիմնադրուհիներուն ստացած շնորհքները, յատուկէն ընդգծելով, որ նուիրումի ձեւերու բազմազանութիւնը արգելք չէ միութեան, այլ հարստութիւն մըն է, որուն Եկեղեցին կարիքը ունի։

Քահանայապետին համաձայն՝ Քրիստոսի վրայ իմաստաւորուած կեանքի վկայութիւնը կրնայ նաեւ նպաստել «աշխարհը արթնցնելու»։

«Այսպէս, միասնաբար, պիտի յաջողիք դիմակայել անտարբերութեան եւ անկարողութեան համաշխարհայնացումը՝ Քրիստոսի սիրոյ եւ ողորմութեան դարմանով» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Երիտասարդներուն փոխանցեցէք կոչումին ընդառաջելու ուրախութիւնը

Պատգամի աւարտին Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ «կոչումներու» կարեւորութեան վրայ, յիշեցնելով աղքատութեան, ողջախոհութեան եւ հնազանդութեան ուխտերով Քրիստոսի հետեւելու հրաւէրին գեղեցկութիւնը՝ զայն նկարագրելով որպէս ուղի մը, որ ընդունակ է ուրախութիւն, խաղաղութիւն եւ իրագործում ծնելու։

«Այսօր, հակառակ որ աշխարհի մէջ աշխարհայնացման երեւոյթը կ՛աճի, կայ նաեւ Աստուծոյ հանդէպ աճող ծարաւ մը։ Արդարեւ, ինչպէս վերջերս դիտել տուի Սպանիա կատարած իմ Առաքելական Ճամբորդութեանս ընթացքին, «բազմաթիւ երիտասարդներ եւ չափահասներ վերստին կը հաստատեն իրենց քրիստոնէական հաւատքը, թերեւս կեանքի այնպիսի շրջանէ մը ետք, երբ քիչ մը հեռացած էին Աստուծմէ» (Աղօթքի Հսկում, 9 հունիս 2026)» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. հրաւիրելով կրօնաւորուհիները «երիտասարդներուն հետ իրենց շփումներուն ընթացքին, փորձեն միջոցներ փնտռել ՝ անոնց ծանօթացնելու համար իրենց ապրելակերպը, եւ օգնել անոնց լսելու Տիրոջ ձայնը։

Յիսուսին ընդառաջելու քաջութիւնը

«Քաջալերեցէ՛ք զանոնք, որ քաջութիւն ունենան ընդառաջելու Յիսուսին, որուն առատաձեռնութիւնը անգերազանցելի է, որպէսզի իրենք ալ կարենան մասնակից դառնալ այն ուրախութեան, որ կը ծնի Իր կոչումին հետեւելով» եղան հուսկ Սրբազան Քահանայապետին խրախուսական խօսքերը որ ապա պատգամը եզրափակեց համագումարի աշխատանքները վստահելով Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանիին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

12/08/2026, 15:32