«Մի՛ վախնաք Աստուծոյ գործիքները ըլլալէ՝ վերարծարծելու համար յոյսը». Լեւոն Պապը Փերույի երիտասարդներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
30 Յուլիս - 2 Օգոստոս 2026 Փերույի Չուլուքանաս քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ Փերուի Երիտասարդութեան Ազգային Օրը որուն իրենց մասնակցութիւնը կր բերեն չորս հազարէ աւելի երիտասարդներ։
Վերոնշեալ Ազգային Օրուան առիթով որուն բնաբանն է «Քա՛ջ եղիր, Քրիստոս կենդանի է» եւ որ կազմակերպուած է Փերույի Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի կողմէ Համահաւաք դասի Երիտասարդութեան ու Աշխարհականներու յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց երիտասարդներուն, որուն սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց որ «արձագանգեցին այս նախաձեռնութեան, որ կը նորոգէ ու կը զօրացնէ Եկեղեցւոյ կեանքը» ըսաւ Ան։
Քա՛ջ եղիր, Քրիստոս կենդանի է
Ակնարկելով ապա հաւաքի կարգախօսին` «Քա՛ջ եղիր, Քրիստոս կենդանի է» Լեւոն Պապը նշեց թէ «մեր մէջ Տիրոջ ապրող ներկայութեան ստոյգ գիտակցութիւնը այն ներքին կրակն է որ մեզ կը մղէ քաջ ըլլալու եւ դուրս գալու եսապաշտութեան մեր ապահով գօտիէն, որպէսզի մաս կազմենք հաւատքի եղբայրներու եւ քոյրերու համայնքին, կերտենք բարեկամութեան ճշմարիտ կապեր եւ այսպէս վկայենք, թէ կարելի է ապրիլ Քրիստոսով միացած»։
Լայնօրէն բանալ սրտերը
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց առ այդ երիտասարդները լայնօրէն բանալու իրենց սրտերը ընդունելու համար այն պարգեւները, որոնք Տէրը պիտի հեղու իրենց վրայ այս օրերուն ապա խրախուսեց զանոնք իրենց համար չպահելու այն ինչ որ պիտի ապրին այս Օրուան ընթացքին։
Շատեր կարիքը ունին ուրախ եւ վարակիչ վկայութեան
«Այս մէկը թող չմնայ միայն ձեր բջջային հեռաձայններու լուսանկարներուն կամ սոցիալական ցանցերու տեսանիւթերուն մէջ,․բաժնեկցեցէք, արտացոլացուցէ՛ք զայն ձեր կեանքով, որովհետեւ այսօր շատեր կարիքն ունին այն ուրախ եւ վարակիչ վկայութեան, որ Քրիստոսով սիրահարուած երիտասարդ մը կրնայ փոխանցել» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու կոչ ուղղեց որ չվախնան «Աստուծոյ գործիքները ըլլալէ՝ վերարծարծելու համար յոյսը այնքա՜ն շատ տառապող սիրտերու մէջ»։
Լեւոն ԺԴ. պատգամը աւարտեց բոլոր ներկաները յանձնելով Աւետարանութեան Տիրամօր մայրական բարեխօսութեան հայցելով որ Ան բարեխօսէ իրենց համար, որպէսզի ըլլան Քրիստոսի «աղն ու լոյսը» Փերուական սիրելի հողին վրայ։
«Աստուած ձեզ օրհնէ՛» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը եզրափակելով Փերուի Երիտասարդութեան Ազգային Օրուան առթիւ յղած իր լսատեսողական պատգամը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
