Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը   (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ.՝ իւրաքանչիւր անձ պէտք է իր մէջ զարգացնէ խաղաղութեան իսկական գիտակցութիւն

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը հրաւիրեց իւրաքանչիւր անձ զարգացնելու խաղաղութեան իսկական գիտակցութիւն եւ ուժեղ ու շարունակական յանձնառութեամբ աշխատելու ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան համար։ Լեհ հաւատացեալներուն ուղղած իր խօսքին մէջ ան յիշեց Վլատիսլաւ Ֆինտիշի վկայութիւնը՝ ընդգծելով, որ սիրոյ քաղաքակրթութիւնը կը կառուցուի ներելով եւ չարին բարիով յաղթելով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, 19 Օգոստոսի ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, հաւատացեալները հրաւիրեց «իւրաքանչիւր անձի մէջ միշտ զարգացնելու խաղաղութեան իսկական գիտակցութիւն» եւ վճռական ու շարունակական ջանքերով աշխատելու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համակեցութեան հաստատման համար։

Անդրադառնալով Սուրբ Օգոստինոսի՝ Աստուծոյ քաղաքը աշխատութեան մէջ ներկայացուցած խաղաղութեան գաղափարին՝ Քահանայապետը ընդգծեց, որ խաղաղութիւնը իւրաքանչիւր անհատէն սկսող ձգտում մըն է, որ պէտք է մշակուի, որպէսզի համընդհանուր դառնայ։ Ան հաւատացեալները կոչ ուղղեց անկեղծօրէն գիտակցելու, որ խաղաղութիւնը «թանկարժէք եւ մեծ բարիք» է, եւ անոր իրագործման համար անհրաժեշտ է «ուժեղ եւ շարունակական յանձնառութիւն»՝ ազնուութեամբ եւ ճշմարտութեամբ հետեւելով այն ուղիներուն, որոնք կը կառուցեն ու կը հաստատեն խաղաղութիւնը հասարակութեան մէջ։

Վլատիսլաւ Ֆինտիշի վկայութիւնը

Լեհ հաւատացեալներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Լեւոն ԺԴ. յիշեց Վլատիսլաւ Ֆինտիշի օրինակը՝ քահանայ եւ համայնավարութեան ժամանակ հալածանքներու նահատակ հռչակուած առաջին լեհ երանելին։ Ան շեշտեց, որ Ֆինտիշի վկայութիւնը կը յիշեցնէ՝ «սիրոյ քաղաքակրթութիւնը կը կառուցուի ներելով եւ չարին բարիով յաղթելով»։

Ֆինտիշը իր հոգեւոր ծառայութեամբ աջակցած էր Բ. Վատիկանեան Ժողովի աշխատանքներուն՝ հաւատացեալները ներգրաւելով «Ժողովի բարութեան գործին»՝ բարեգործութեան եւ բարոյական նորոգութեան նախաձեռնութիւններով։ Անոր յիշատակը պիտի նշուի Օգոստոս 23-ին, այն օրը, երբ կը նշուի ստալինիզմի եւ նացիզմի զոհերու յիշատակի Եւրոպական օրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

19/08/2026, 13:31