Լեւոն ԺԴ. Պապը Սան Մարինոյի մէջ՝ ազատութեան, խաղաղութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան պատգամով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ, 22 Օգոստոսին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Սան Մարինօ կատարած իր պաշտօնական հովուական այցելութեան ընթացքին, Հանրապետութեան Պետական Պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Կառավարիչ-Հրամանատարներուն, պետական իշխանութիւններու եւ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը արտասանեց ողջոյնի եւ պատգամի խօսք մը՝ կեդրոնանալով ազատութեան, խաղաղութեան, հասարակաց բարիքին եւ մարդկային արժանապատուութեան վրայ։
Ամրապնդել երկու պետութիւններու միջեւ կապերը
«Շատ ուրախ եմ այցելելու ձեր երկիրը, որ ունի աշխարհի հնագոյն Հանրապետութիւնը ըլլալու առաջնութիւնը՝ Դ. դարու սկիզբէն սկսող աւանդութեամբ մը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն իրենց ջերմ ընդունելութեան համար։
Լեւոն ԺԴ. յիշեցուց, որ իր այցելութիւնը կը շարունակէ իր նախորդներուն՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի՝ 1982-ին, եւ Պենետիկտոս ԺԶ.ի՝ 2011-ին, Սան Մարինօ կատարած այցելութիւններուն աւանդութիւնը ընդգծելով, որ այդ այցելութիւններուն ընդհանուր նպատակը երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապերը ամրապնդելն է, կապեր՝ որոնք պաշտօնապէս հաստատուած էին 1926-ի Ապրիլին։
Ազատութիւնը հիմք մարդու արժանապատուութեան
Պապը իր խօսքը կեդրոնացուց Սան Մարինոյի «Libertas» կարգախօսին վրայ՝ ընդգծելով ազատութեան իսկական իմաստը։
«Չկայ իսկական քաղաքացիական ազատութիւն, երբ չկայ անձնական ազատութիւն», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը՝ բացատրելով, որ ազատութիւնը կը պահանջէ մարդ անհատի արժանապատուութեան յարգանքն ու պաշտպանութիւնը։ Ան շեշտեց նաեւ, որ մարդկային ազատութիւնը Աստուծոյ կողմէ տրուած եւ երաշխաւորուած պարգեւ մըն է, եւ Աստուծոյ ձայնը կ'արձագանգէ իւրաքանչիւր մարդու խղճին մէջ։
Լեւոն ԺԴ. ապա ընդգծեց խղճի ազատութեան տարածքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը։ Ան երախտագիտութեամբ յիշեց «ազատութեան նահատակները»՝ այն տղամարդիկն ու կիները, որոնք պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններուն, հաւատարիմ մնալով իրենց խղճին, պաշտպանած են ազատութիւնը եւ երբեմն այդ հաւատարմութեան համար ծանր գին վճարած։
Այս առնչութեամբ Պապը յիշեց Սուրբ Թովմաս Մորոն եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց նաեւ այսօր աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ ապրող այն մարդոց, որոնք իրենց խղճին հաւատարիմ մնալով կը վկայեն իսկական ազատութեան մասին։
Ազատութիւն ծառայութեան եւ հաղորդութեան մէջ
Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց, որ ազատութիւնը անհատական շահի կամ սեփական ցանկութիւններու անսահման իրականացում չէ։ «Ազատութիւնը կ'իրականանայ ընծայումին, հաղորդութեան, հանդիպումին եւ երկխօսութեան մէջ», ըսաւ ան ազատութիւնը նմանեցնելով բոյսի մը, որ աճելով ճիւղեր ու տերեւներ կու տայ եւ իր պտուղներով ու սերմերով կը ծառայէ ուրիշներուն։ Այս պատկերով Պապը քննադատեց ազատութեան այն ընկալումը, որ մարդը կը վերածէ իշխանութեան, գաղափարախօսութիւններու կամ կուռքերու ստրուկի։
Քրիստոնէական տեսլականին մէջ, շարունակեց ան, ազատութիւնն ու հաղորդութիւնը անբաժանելի են։ Համայնքներու սուրբ հիմնադիրները իրենց կեանքով ցոյց տուած են, որ ազատութիւնը կը ծաղկի, երբ մարդիկ Աւետարանին համաձայն միասին կ'ապրին։ Այս համատեքստին մէջ Լեւոն ԺԴ. յիշեց Սան Մարինոյի հիմնադիր Սուրբ Մարինոսը եւ Սուրբ Լէոնը՝ զանոնք ներկայացնելով որպէս ազատ ու խաղաղ համայնքներու կերտիչներ։
Խաղաղութեան կառուցումը` երկխօսութեամբ
Պապը ընդգծեց, որ աղօթքի, գործակցութեան եւ իւրաքանչիւր անհատի պատասխանատուութեան միջոցաւ կարելի է կառուցել համայնք մը, որ հիմնուած է ներդաշնակութեան եւ հաղորդութեան վրայ, եւ ոչ թէ միօրինակութեան վրայ։
Ան շեշտեց նաեւ, որ ազատութիւնը կը նշանակէ գործօն կերպով աշխատիլ խաղաղութեան համար։ Այս նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ են դիւանագիտութիւնը եւ բազմակողմանի համագործակցութիւնը, որոնք կրնան նպաստել ազգերու միջեւ երկխօսութեան, նոյնիսկ դժուար զրուցակիցներու պարագային։
Այս ճանապարհը, ըստ Լեւոն ԺԴ.ի, կը պահանջէ խոնարհութիւն, համբերութիւն եւ համաձայնութիւններ գտնելու անկեղծ կամք։
Սան Մարինոն մարդակեդրոն քաղաքականութեան տիպար
Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Սան Մարինոյի առանձնայատուկ դիրքին՝ որպէս փոքր եւ մարդակեդրոն պետութիւն նկատել տալով, որ այս հանգամանքը կրնայ նպաստել քաղաքացիներուն աւելի մօտ քաղաքականութեան եւ աւելի արդիւնաւէտ ժողովրդավարութեան։
«Սան Մարինոն կրնայ դառնալ «լաւ քաղաքականութեան» օրինակ՝ իր քաղաքական ու հասարակական կեանքը ներշնչելով կաթողիկէ ընկերային վարդապետութեան սկզբունքներէն, ինչպիսիք են հասարակաց բարիքը, զօրակցութիւնը, օժանդակութիւնը եւ ընկերային արդարութիւնը» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը այս յանձնառութիւնը կարեւոր նկատելով Եւրոպական Միութեան հետ Սան Մարինոյի յարաբերութիւններու նոր հանգրուանին մէջ՝ նշելով, որ «Հանրապետութիւնը կրնայ դրական եւ կառուցողական ներդրում ունենալ Եւրոպայի ապագային մէջ»։
Մարդկային կեանքի եւ արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը
Լեւոն ԺԴ. պատգամին մէջ կարեւոր տեղ գտաւ նաեւ «մարդկայինի խնամքը»։ Ան շեշտեց, որ իսկական մարդկային հասարակութիւնը կոչուած է պաշտպանելու իւրաքանչիւր մարդկային կեանք՝ սաղմէն մինչեւ բնական մահ։
Մէջբերում կատարելով իր վերջին շրջաբերական նամակէն՝ Magnifica humanitas-էն, Քահանայապետը ընդգծեց, որ քաղաքակրթութեան մը որակը պէտք չէ չափուի միայն իր նիւթական եւ ճարտարարուեստի միջոցներու զօրութեամբ, այլ՝ անոր ցուցաբերած խնամքով եւ դիմացինը որպէս մարդ ու դէմք ճանչնալու կարողութեամբ։
«Քաղաքակրթութեան մը որակը կը չափուի ոչ թէ իր միջոցներուն զօրութեամբ, այլ այն խնամքով՝ որ կրնայ ընծայել, դիմացինը որպէս դէմք ճանչնալու կարողութեամբ եւ ոչ թէ որպէս գործառոյթ։ Իրարու հանդէպ խնամք տանելու կարողութիւնը մեր մարդկային էութեան կարեւոր մէկ չափանիշն է։ […] Ճարտարարուեստը կրնայ նաեւ սատարել մարդոց միջեւ փոխադարձ խնամքին, օրինակի համար՝ եթէ կ՚ընծայէ գործիքներ, որոնք կը նպաստեն կանխատեսելու եւ կազմակերպելու, բայց առանց զրկելու մարդկային էակին ազատութիւնն ու դատողութիւնը, որ փոխյարաբերութիւններու ենթական եւ որոշումներու պատասխանատուն է» ըսաւ Լեւոն Պապը։
Սան Մարինոյի մարդասիրական վկայութիւնը
Ճառի վերջին բաժինին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց, որ ուրիշին հանդէպ խնամքը Սան Մարինոյի պատմութեան կարեւոր յատկանիշներէն մէկն է։ Այս իրողութիւնը, ըստ անոր, դրսեւորուած է տառապեալներուն հանդէպ Հանրապետութեան ցուցաբերած հիւրընկալութեան եւ օգնութեան երկար աւանդութեան մէջ։
Ան յատկապէս յիշեց վերջին շրջանի Սան Մարինոյի աջակցութիւնը ուքրանացի ժողովուրդին եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի պաշտպանութեան ուղղութեամբ կատարած յանձնառութիւնը։
Լեւոն ԺԴ. նկատել տուաւ, որ այս զգայնութիւնը իր արմատները ունի քրիստոնէական աւանդութեան մէջ եւ կը զարգանայ քաղաքական իշխանութիւններուն ու Եկեղեցւոյ միջեւ գործակցութեան միջոցաւ՝ ի սպաս հասարակաց բարիքին։
Իր խօսքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը երախտագիտութիւն յայտնեց Սան Մարինոյի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին՝ իրենց յանձնառութեան ու վկայութեան համար ապա քաջալերեց կառավարիչները, քաղաքացիներն ու եկեղեցական համայնքը՝ շարունակելու համարձակ եւ հեռատես իրենց աշխատանքը՝ ի նպաստ իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութեան, խաղաղութեան եւ հասարակաց բարիքին։
Պապը իր պատգամը եզրափակեց բոլորին վրայ Տիրոջ օրհնութիւնը հայցելով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
