Լեւոն ԺԴ.ի Սան Մարինօ եւ Ռիմինի այցելութեան յայտագիրը` Օգոստոս 22-ին
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2026-ին Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը կարճ բայց հարուստ յայտագիրով հովուական այցելութեամբ պիտի մեկնի Սան Մարինոյի Հանրապետութիւն եւ Ռիմինի՝ կանգ առնելով «Ժողովուրդներու միջեւ Բարեկամութեան Հանդիպումին» որ ւանդական հաւաք մըն է, որ կը կազմակերպուի «Comunione e Liberazione» շարժումի կողմէ Ռոմանիայի ծովափնեայ քաղաքին մէջ, Օգոստոս 21-էն 26, որուն այս տարուայ ընտրուած խորագիրն է «Սէրը, որ կը շարժէ արեւն ու միւս աստղերը»:
Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը այսօր հրապարակեց այցելութեան պաշտօնական յայտագիրը որ կ՛ ընդգրկէ հանդիպումներ, աղօթքի եւ տկարներուն մօտիկութեան պահեր, ինչպէս նաեւ եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը Ռիմինիի նաւահանգիստին մէջ։
Սան Մարինօ․ հանդիպումներ իշխանութիւններու հետ, երկրպագութիւն Մայր Տաճարին մէջ
Ինքնաթիռի մեկնումը նախատեսուած է առաւօտեան ժամը 8:00-ին Վատիկանի ուղղաթիռանաւահանգիստէն: Մէկ ժամուան թռիչքէ ետք՝ վայրէջք Սան Մարինոյի Հանրապետութեան «Torraccia» Օդակայան` եւ փոխադրութիւն դէպի Ազատութեան Հրապարակ: Հանրային Պալատինմէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում Պետական Քարտուղարներու հետ, որուն պիտի յաջորդէ առանձնազրոյց Կառավարիչ Նախագահներու (Capitani Reggenti) հետ ուր պիտի ստորագրուի նաեւ Պատուաւոր Հիւրերու Մատեանը:
Ժամը 10:40-ին նախատեսուած է հանդիպում Մեծ եւ Ընդհանուր Խորհուրդի Դահլիճին մէջ, որմէ ետք, Հանրային Պալատի կեդրոնական պատշգամէն, Քահանայապետը պիտի ողջունէ եւ իր առաքելական օրհնութիւնը պիտի տայ հրապարակին վրայ համախմբուած ժողովուրդին: Ան ապա պիտի ուղղուի Սան Մարինոյի Մայր Տաճար, ուր զինք պիտի դիմաւորեն Սան Մարինօ-Մոնթէֆելթրոյի եպիսկոպոս Տոմենիքօ Պենեւենթին եւ վանահայր Հայր Մարքօ Մացանթին: Այնտեղ նախատեսուած է Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնը՝ Սուրբ Մարինոսի Մասունքներու մեծարանքով, թեմի քահանաներու, կրօնաւորներու եւ եկեղեցական կեանքի ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ: Ժամը 12:15-ին Սրբազան Պապը կ՛ ողջունէ հրապարակին վրայ գտնուող հաւատացեալները եւ հրաժեշտ կ՛առնէ իշխանութիւններէն:
Մասնաւոր այցելութիւն Փենապիլիի Օգոստինեան մայրապետներուն
Նորին Սրբութիւնը ապա խիստ առանձնական հանգամանքով պիտի այցելէ Փենապիլիի (Pennabilli) Սուրբ Անտոն Փատովացի Վանքի Օգոստինեան Մայրապետներու համայնքը: Այս վանքը այնպիսի վայր մըն է, ուր Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին մայրապետները պատերազմի գրգռութիւններուն պատասխանեցին՝ իրենց դռները բանալով կրօնաւորուհիներու երկու համայնքներու առջեւ (որոնք գերմանացիները կ'ուզէին Գերմանիա աքսորել), ինչպէս նաեւ Ռիմինիէն տեղահանուած ընտանիքներու աղջնակներուն առջեւ: Այսօր համայնքը կազմուած է ցմահ ուխտ ըրած 11 մայրապետներէ, ժամանակաւոր ուխտով 2 քոյրերէ եւ մէկ նորընծայէ: 2012 թուականի Նոյեմբերին էր, որ Օգոստինեան Կարգի այն ժամանակուան Ընդհանուր Վանահայր Ռոպերթ Ֆ. Փրեւոսթ վաւերացուց Սիենայի Լեչետոյի Օգոստինեան Վանքէն չորս կրօնաւորուհիներու փոխադրութիւնը Փենապիլի, որպէսզի աւելի իմաստալից դարձնեն այս հայեցողական քոյրերու ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ:
Ռիմինի. Օգոստինոսի եւ Արմելի ցուցահանդէսները, հանդիպում աղքատներու հետ եւ Պատարագ Նաւահանգիստին մէջ
Պապական ուղղաթիռին վայրէջքը Ռիմինիի Տօնավաճառի տարածքին (Fiera) նախատեսուած է ժամը 14:45-ին: Սրբազան Պապը պիտի այցելէ երկու ցուցահանդէսներ․ մէկը՝ նուիրուած Սուրբ Օգոստինոսի, իսկ միւսը՝ Լէօն Արմելին: Նախատեսուած է նաեւ կանգ առնել «Պատանիներու Գիւղ»ին մէջ (Villaggio Ragazzi) որտեղէն ան պիտի ողջունէ Հանդիպումի մասնակիցները, որուն` ժամը 16:00-ին, պիտի յաջորդէ հանդիպումը, Մեծ Լսարանին (Auditorium) մէջ:
Ռիմինիի Մայր Տաճարին մէջ Լեւոն Պապը սպասուած է ժամը 17:30-ին։․Այնտեղ ան պիտի հանդիպի հիւանդներու, հաշմանդամներու եւ «Քարիթաս»ի կողմէ խնամուող աղքատներու հետ: Ապա, պիտի փոխադրուի Նաւահանգիստի Հրապարակ (Piazzale del Porto), ուր պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագը ժամը 18:30-ին: Այցելութիւնը պիտի աւարտի ժամը 20:00-ին եւ Քահանայապետին Վատիկան վերադարձը նախատեսուած է երեկոյեան ժամը ինին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
