Ռիմինի. Լեւոն Պապին ողջագուրումը ամենախոցելի անհատներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ռիմինի կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս Լեւոն ԺԴ. Պապը շաբաթ 22 օգոստոսի կէսօրէն ետքը Ռիմինիի Մայր Տաճարին մէջ հանդիպում ունեցաւ
500 հոգիէ աւելի հիւանդներու, հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու, առանձնացած տարեցներու, անօթեւաններու, բանտարկեալներու եւ վերականգնողական ծրագիրներու հետեւող երիտասարդներուն հետ։
Արդարեւ մօտաւորապէս 650 հրաւիրեալներ մասնակցեցան այս հանդիպումին՝ որ կազմակերպուած էր Նիքոլօ Անսելմի եպիսկոպոսին փափաքով եւ հանդիսացաւ Քահանայապետին հովուական այցելութեան ամենանշանակալից պահերէն մէկը:
Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Պապին յանձնուեցաւ տուփ մը, որուն մէջ պարունակուած էին ամենախոցելի անձերու կողմէ գրուած նամակներ, իղձեր եւ յոյսեր: Պարզ, բայց իմաստալից քայլ մը՝ ձայն տալու համար անոնց, որոնք դժուարութեան եւ մենութեան մէջ կ'ապրին:
«Քարիթաս»ի, «Յովհաննէս ԺԳ. Քահանայապետ» համայնքի, «Սան Փաթրինեանօ»ի եւ բազմաթիւ միութիւններու համագործակցութեան շնորհիւ ունկնդրութեան, հիւրընկալութեան եւ արժանապատուութեան նշանաբանով սոյն հանդիպումի ընթացքին Լեւոն ԺԴ. իր սրտին խօսքը ուղղեց ներկաներուն նախ շնորհակալութիւն յայտնելով Եպիսկոպոսին եւ Ռիմինիի Քարիթասին` կազմակերպութեան համար, ապա բոլոր ներկաներուն` որոնք համապատասխանեցին հրաւէրին։
«Ասիկա Ռիմինիի Աթոռանիստ Եկեղեցին է եւ դուք ձեզ տան մէջ էք այստեղ» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով թէ ինչպէս Տէր Յիսուս երբ կը հանդիպէր հիւանդներուն, հաշմանդամներուն կամ աղքատներուն զանոնք կը դնէր կեդրոնը, բուժելու եւ անոնց վերադարձնելու իրենց արժանապատւութիւնը։
«Այսպիսով ան ցոյց կու տայ Աստուծոյ սիրոյն բոլոր նշանները ու անոր անհուն ողորմութիւնը» յարեց ապա Սրբազան Հայրը դիտել տալով թէ ինչպէս այդ բուժուած եւ Յիսուսին օգնութեամբ վերականգնած անձերը յաճախ կը հետեւէին անոր ու մաս կը կազմէին անոր աշակերտներու ընտանիքին։
«Մենք ալ այսպէս պէտք է ընենք. Թոյլ տանք որ Յիսուս մեզ բժշկէ, մեզ ներէ, դարձի բերէ որպէսզի ապա քալենք միասին անոր Եկեղեցւոյ մէջ, բոլորին տանելու համար Աւետարանը ե Յիսուսին յաղթանակը մեղքին եւ մահուան վրայ» յորդորեց Լեւոն ԺԴ. հուսկ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն քաջալերելով զանոնք «աշխուժ կերպով մասնակցելու Եկեղեցւոյ կեանքին», ուր «կը սորվինք եւ կը փորձարկեն որ մեր Հայրը մեծ է սիրոյ մէջ եւ մենք անոր զաւակներ ենք ու իրար միջեւ եղբայրներ» յարեց Քահանայապետը հրաւիրելով բոլորը միասնաբար աղօթելու` Յիսուսին մեզի սորվեցուցած աղօթքը` Հայր մերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
