Որոնել

Օրէկոնի Մաունթ Էնճէլ (Mount Angel) պենետիկտեան աբբայարանը Օրէկոնի Մաունթ Էնճէլ (Mount Angel) պենետիկտեան աբբայարանը 

Լեւոն ԺԴ. աւելի շատ ծիսական կազմաւորում եւ հաւատարմութիւն վաւերացուած բնագիրներուն

Ըստ Լեւոն ԺԴ.-ի, կազմաւորումը պէտք է ընդգրկէ թէ՛ կղերականութիւնը եւ թէ՛ աշխարհականները, սակայն քահանաներուն պատրաստութիւնը առաջնահերթութիւն է, որովհետեւ անոնք կոչուած են ընկերակցելու հաւատացեալներուն՝ կատարուած խորհուրդներու ըմբռնման մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը վերստին կը շեշտէ Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդին ծիսական կազմաւորման կարեւորութիւնը՝ մասնաւոր ուշադրութիւն դարձնելով քահանաներու պատրաստութեան։ Ծիսակատարութեանց եւ Խորհուրդներու Մատակարարման Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Արթիւր Ռոշին ուղղուած նամակին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ գտնելու յստակ ուղիներ՝ խորացնելու համար ծէսը եւ ars celebrandi-ն (ծիսակատարութեան արուեստը)։

Պատգամը ուղղուած է Օգոստոս 14-էն 19-ը Օրէկոնի Մաունթ Էնճէլ (Mount Angel) պենետիկտեան աբբայութեան մէջ ընթացող հանդիպման մասնակիցներուն, որ նուիրուած է ծիսական կազմաւորման եւ ներշնչուած է Ֆրանկիսկոս Պապի Desiderio desideravi Առաքելական Թուղթէն։

Ըստ Լեւոն ԺԴ.-ի, կազմաւորումը պէտք է ընդգրկէ թէ՛ կղերականութիւնը եւ թէ՛ աշխարհականները, սակայն քահանաներուն պատրաստութիւնը առաջնահերթութիւն է, որովհետեւ անոնք կոչուած են ընկերակցելու հաւատացեալներուն՝ կատարուած խորհուրդներու ըմբռնման մէջ։ 

Կիրակնօրեայ Պատարագն ալ, որ ներառուած է ծիսական տարուան ռիթմին մէջ եւ կեդրոնացած է Զատկական Խորհուրդին վրայ, պէտք է դառնայ կազմաւորման իրական առիթ մը։

Քահանայապետը նաեւ կը յիշեցնէ Եկեղեցւոյ կողմէ վաւերացուած բնագիրներուն եւ կանոններուն համաձայն մատուցանելու անհրաժեշտութիւնը՝ յարգելով Սուրբ Պօղոս Զ.-ի եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի կողմէ հռչակուած ծէսերը։ 

Ան կը շեշտէ, որ ծիսական հաւատարմութիւնը կը պահանջէ խոնարհութիւն, տրամադրուածութիւն Աստուծոյ հանդէպ եւ ճշմարիտ եկեղեցական հաղորդութիւն։

Մաունթ Էնճէլի հանդիպումը նպատակ չունի լոկ ուսումնասիրութեան համագումար մը ըլլալու, այլ հոգեւոր զատորոշումի պահ մը՝ գործնական եւ իրական առաջարկներ որոշելու համար։ Նպատակն է քաջալերել Եկեղեցի մը, որ ընդունակ ըլլայ ինքզինք կազմաւորել տալու ծէսէն, եւ աւելի գիտակից ու բարեպաշտ ծիսակատարութեան ընդմէջէն՝ աւելի խորունկ ձեւով ապրելու իր հաւատքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

14/08/2026, 12:29