Որոնել

Փերույի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամները Փերույի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամները  

Փերու, եպիսկոպոսաց դասի նախագահը. Պապին այցելութիւնը՝ շնորհքի եւ հաշտութեան պահ

Փրույի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի նախագահ` Գերապ. Քարլոս Կարսիա Քամատեր մեկնաբանով Լեւոն ԺԴ.-ի նոյեմբերեան ճամբորդութիւնը կ՛ըսէ. «Կը յուսանք, որ ասիկա ըլլայ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան շրջան մը, ինչպէս նաեւ աւելի լաւ տեսլական մը՝ թէ ինչպէս գործակցիլ ի նպաստ երկրի բարօրութեան»։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Փերուի Եկեղեցին մեծ ուրախութեամբ ընդունեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին այցելութեան յայտարարութիւնը, որ նախատեսուած է նոյեմբեր 11-էն 17-ը:

Ճամբորդութիւնը, որ Քահանայապետը պիտի առաջնորդէ նաեւ Ուրուկուէյ եւ Արժանթին, յատուկ նշանակութիւն պիտի ունենայ Փերուի մէջ՝ երկիր մը, ուր Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեւոսթ աւելի քան քսան տարի անցուցած է իբրեւ առաքեալ:

Պապին ներկայութիւնը  «խաղաղութեան, փոխըմբռնման եւ եղբայրութեան» պահ

Այս առիթով Փերուի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ Գերապ. Քարլոս Կարսիա Քամատերը Վատիկանեան լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց թէ Պապին ներկայութիւնը կրնայ ներկայացնել «խաղաղութեան, փոխըմբռնման եւ եղբայրութեան» պահ մը, ինչպէս նաեւ առիթ՝ քաջալերելու աւելի մեծ գործակցութիւն բոլորին միջեւ՝ ի նպաստ երկրի ընդհանուր բարօրութեան:

Այցելութեան յայտագիրը կը նախատեսէ հանգրուաններ Լիմայի, Չիքլայոյի, Քուսքոյի եւ Փուքալփայի մէջ:

Շրջանային տարբերութիւններով, լարուածութիւններով եւ ընկերային դժուարութիւններով դրոշմուած երկրի մը մէջ, Եկեղեցին կը յուսայ, թէ ճամբորդութիւնը կարենայ  նպաստել ազգային միասնականութեան ամրապնդման եւ հաշտութեան ճշմարիտ ուղիի մը խթանման:

Տարբեր պատմութիւններով, խնդիրնեով եւ տառապանքներով յատկանշուած երկիր մը

Այցելութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկն է, կը բացատրէ միշտ Գերապ. Կարսիա Քամատերը, Պապէն ստանալ պատգամ մը, որ ընդունակ ըլլայ խօսելու բոլոր փերուացիներուն:

Երկրի տարբեր շրջանները իրապէս ունին տարբեր պատմութիւններ, խնդիրներ եւ տառապանքներ, որոնք միշտ չէ որ կը հասկցուին միւսներուն կողմէ:

Այս պատճառով Եկեղեցին կը յուսայ, որ Լեւոն ԺԴ. կարողանայ օգնել փերուացի ժողովուրդին՝ ինքզինք ճանչնալու իբրեւ միացած համայնք, ուր իւրաքանչիւրին ուրախութիւններն ու տառապանքները կիսուին բոլորին կողմէ:

«Ուր որ եղբայր մը կը տառապի, բոլորը կը տառապին. երբ եղբայր մը կ'ուրախանայ, բոլորս կ'ուրախանանք», ընդգծեց այդ առնչութեամբ ի միջի այլոց Փերույի Եպիսկոպոսաց Դասի նախագահը որ ապա հրաւէր ուղղեց հաւատացեալներուն՝ հոգեպէս պատրաստուելու Քահանայապետին ժամանումին, անոր ներկայութիւնը բնորոշելով իբրեւ պարգեւ փերուացի ժողովուրդին համար:

Ուստի, Փերուի համար, Լեւոն ԺԴ.-ի վերադարձը այն երկիրը, որ խորապէս դրոշմած է անոր առաքելական փորձառութիւնը, կ'աւետուի իբրեւ յատուկ նշանակութիւն ունեցող պահ մը․ ուխտագնացութիւն մը, որ ըստ տեղական Եկեղեցին ակնկալիքներուն` կրնայ ձգել միութեան, խաղաղութեան եւ հաշտութեան տեւական պատգամ մը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

10/08/2026, 11:36