Որոնել

Սրբուհի Ակաթա Սրբուհի Ակաթա 

Լեւոն ԺԴ. «Սրբուհի Ակաթայի մէջ կը խորհրդածենք մահուան դէմ սիրոյ յաղթանակին մասին։»

Լեւոն ԺԴ. Պապը Սրբուհի Ակաթայի նահատակութիւնը կը ներկայացնէ որպէս Քրիստոսի հանդէպ հաւատարմութեան եւ սիրոյ վկայութիւն, որ կը խորհրդանշէ շնորհքին, հաւատքին եւ սիրոյն յաղթանակը բռնութեան, վախին եւ մահուան նկատմամբ։ Քաթանիոյ հովանաւոր սրբուհին, իր կենդանի ներկայութեամբ ու բարեխօսութեամբ, կը շարունակէ քրիստոնէական յիշողութիւնը ամրապնդել եւ հաւատացեալները առաջնորդել դէպի աւետարանական կեանք, յոյս եւ սէր։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Սրբուհի Ակաթայի նահատակութեան մէջ, որ Քրիստոսի հանդէպ հաւատարմութեան եւ անձը լիովին ընծայելու աստիճան սիրոյ փայլուն օրինակ մըն է, եկեղեցական համայնքը կը խորհրդածէ շնորհքին՝ բռնութեան, հաւատքին՝ վախին եւ սիրոյ՝ մահուան նկատմամբ տարած յաղթանակին մասին»։ Այս մասին գրած է Լեւոն ԺԴ. Պապը՝ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինիին ուղղած նամակին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը Կարդինալ Փարոլինը նշանակած է Պապական պատուիրակ՝  2026 թուականի Օգոստոս 16-ին եւ 17-ին Քաթանիոյ մէջ նախատեսուած տօնակատարութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Սրբուհի Ակաթայի մասունքներուն քաղաք վերադարձի 900-ամեակին առիթով։

Սրբուհի Ակաթա, որ դեռ պատանի հասակին նահատակուեցաւ՝ խոշտանգումներու ենթարկուելով, որովհետեւ մերժած էր ուրանալ իր հաւատքը, զոհ գնաց Հռոմէական կայսր Դեկիոսի օրով՝ Գ. դարուն քրիստոնեաներու դէմ սանձազերծուած հալածանքներուն։

Սրբազան Քահանայապետը իր նամակին մէջ կը նշէ, որ Ս. Ակաթա «մասնակից եղաւ Քրիստոսի Զատիկին» եւ կը փայլի որպէս «այն ուժին լուսաւոր վկայութիւնը, զոր Տէրը կը պարգեւէ անոնց, որոնք փորձութիւններու եւ նեղութիւններու մէջ հաստատուն կը մնան»։

Սրբուհի Ակաթան, որ Քաթանիոյ մէջ  կը կոչուի «Սանթուցցա» եւ քաղաքի հովանաւոր սուրբն է, կը մնայ «կենդանի ներկայութիւն մը, որ կը պահպանէ ժողովուրդին քրիստոնէական յիշողութիւնը եւ զայն կը հրաւիրէ աւետարանական կեանքի հետեւողականութեան, ինչպէս նաւե յոյսի եւ սիրոյ»։

Լեւոն ԺԴ. կը նշէ որ  Ս. Ակաթայի վկայութիւնը նաեւ տեսանելի կը դարձնէ սուրբերու հաղորդութիւնը եւ «հաւատացեալներուն մէջ կը զօրացնէ այն գիտակցութիւնը, թէ երկրի վրայ ուխտագնացող Եկեղեցին կը ստանայ զօրութիւն անոնց բարեխօսութենէն եւ օրինակէն, որոնք արդէն երկնային փառքին մասնակից դարձած են»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

08/08/2026, 12:20