Լեւոն ԺԴ-ը Վալտէզեան Սիւնհոդոսին. միասին վկայել Աստուծոյ որդիներու ազատութիւնը
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Շաբաթ, 22 Օգոստոսին, Թորրէ Փելլիչէի մէջ սկիզբ առաւ Վալտէզեան եւ Մեթոտիստ եկեղեցիներու Սիւնհոդոսը որ պիտի շարունակուի մինչեւ 26 Օգոստոս։ Սիւնհոդոսին կը մասնակցին Իտալիոյ տարբեր շրջաններէն շուրջ 180 պատգամաւորներ։
Լեւոն ԺԴ. Պապը այս առիթով իր բարեմաղթութիւնները յղած է Սիւնհոդոսին՝ պատգամ մը ուղարկելով Փիներոլոյի եպիսկոպոս Տերիօ Օլիվերոյին։ Պատգամը ստորագրած է Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինը։
Պատգամին մէջ անդրադառնալով նաեւ արհեստական բանականութեան եւ թուային յեղափոխութեան, Քահանայապետը շեշտած է, որ այս նոր իրողութիւններուն դիմաց քրիստոնեաները կոչուած են միասին վկայելու Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ ստեղծուած մարդուն արժանապատուութիւնը եւ ազատութիւնը։
Յիշեցնելով Magnifica humanitas շրջաբերականը՝ Լեւոն ԺԴ. ընդգծած է արհեստագիտութիւնը զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը՝ առանց «սիրտը ետ մղելու»։ Ան նաեւ Սուրբ Հոգիի պարգեւներն ու Տիրոջ օրհնութիւնը հայցած է Սիւնհոդոսին վրայ։
Սիւնհոդոսը պիտի քննարկէ խաղաղութեան, ընկերային արդարութեան, համամիութեան, մարդկային իրաւունքներու, ամենախոցելի անձերու պաշտպանութեան, կայունութեան եւ այսօրուան աշխարհին մէջ քրիստոնէական վկայութեան առջեւ ծառացող մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
