«Կեանքի նպատակն է Յիսուսի հետ ըլլալ՝ սրբութեան հասնելու համար» Լեւոն Պապը Մեքսիքայի երիտասարդներուն
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Աշխարհին ցոյց տուէք «թէ որն է մեր կեանքին նպատակը․ միանալ Իրեն եւ այսպէս, մասնակցելով Իր կեանքին, հասնիլ սրբութեան, որուն կանչուած ենք»։ Հրաւէրն է սա որ Լեւոն ԺԴ. Պապը կ’ուղղէ մեքսիքացի երիտասարդներուն, որոնցմէ 10 հազարէն աւելին համախմբուած են Մոնթերէյ, Օգոստոս 15-ին եւ 16-ին, Երիտասարդութեան ազգային 3-րդ օրուան առթիւ, ի պատրաստութիւն 2027-ի Օգոստոսին Սէուլի (Հարաւային Քորէա) Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան։ Ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն ուղղուած պատգամին մէջ, որ իբրեւ բնաբան ունի Յիսուսի խօսքը. «Դուք ալ վկայեցէք, որովհետեւ Ինծի հետ էք», Սրբազան Պապը երիտասարդներէն կը խնդրէ.
«Գրկեցէ՛ք այս խօսքերը ձեր իսկ կեանքով, որովհետեւ միայն Քրիստոսի հետ միացած՝ կրնանք այնպէս ընել որ աշխարհը հաւատայ Իրեն, նոյնիսկ այն խնդիրներուն մէջ, որոնք կը տեսնէք ձեր շուրջ՝ բռնութեան, անտարբերութեան եւ իմաստի պակասի պատճառով»։
Կանգ առէք եւ ժամանակ տուէք դուք ձեզի լռութեան մէջ
Լեւոն ԺԴ. Մոնթերէյի հանդիպումը կը սահմանէ իբրեւ «գեղեցիկ առիթ մը հանդիպման՝ ձեր բոլորին միջեւ, ձեր հովիւներուն հետ միասին, որ կը բխի Քրիստոսի հետ հաղորդութենէն» եւ կը հրաւիրէ մեքսիքացի երիտասարդները ըլլալու ունակ «կանգ առնելու եւ դուք ձեզի ժամանակ տալու լռութեան մէջ, զատորոշելու համար այն, ինչ որ ճշմարտապէս պատշաճ է եւ շինիչ»։
Այս ձեւով, կ՛ եզրակացնէ Ան, «Վարդապետին հետ միացած, պիտի կարենաք ըլլալ Իր վկաները, յոյսի նշաններ»։
Սրբազան Հայրը պատգամի աւարտին իր օրհնութիւնը շնորհելէ առաջ, կը քաջալերէ ներկաները «մասնակցելու այս օրուան ուրախ զուարթութեամբ», եւ զանոնք կը յանձնէ «Կուատալուփէի Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանիին»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
