Արժանթին, Պոքալիչ. Լեւոնէն պատգամ մը՝ քրիստոնէական ընկերային յանձնառութեան կարեւորութեան մասին
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Յառաջիկայ Նոյեմբերին նախատեսուած Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին այցելութիւնը Արժանթին մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին մէջ: Այս մասին շեշտեց Սանթիակօ տէ Էսթերոյի արքեպիսկոպոս եւ Արժանթինի Առաջնորդ` կարդինալ Վիսենթէ Պոքալիչը, որ Քահանայապետին ժամանումը բնորոշեց իբրեւ «անհուն ուրախութիւն» ժողովուրդի մը համար, որ միշտ ալ խոր սէր տածած է Պապին հանդէպ:
Ըստ Ծիրանաւորին, այցելութեան կեդրոնական թեմաներէն մէկը պիտի ըլլայ հաւատքին ընկերային չափանիշը: Լեւոն ԺԴ., Ֆրանչիսկոս Պապի հետքերով, կրնայ հրաւիրել քրիստոնեաները՝ հաւատքը վերածելու գործնական յանձնառութեան ի նպաստ հասարակութեան, յատկապէս ամենէն աղքատ եւ խոցելի անձերուն նկատմամբ:
Հաւատք եւ ընկերային պատասխանատուութիւն
Կարդինալ Պոքալիչ ընդգծեց ապա, թէ քրիստոնէութիւնը չի կրնար սահմանափակուիլ խօսքերով, այլ պէտք է թարգմանուի գործնական քայլերու՝ ի խնդիր մարդոց զարգացման եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան: Հրատապ հարցերու շարքին ան նշեց աղքատութիւնը, անհաւասարութիւնները, իրաւանց խախտումները եւ այն իրավիճակները, ուր բազմաթիւ մարդիկ զրկուած են արժանապատիւ ապրելակերպի պայմաններէն:
Այս յանձնառութեան մէջ, ըստ Պոքալիչի, հիմնական դեր ունին աշխարհականները, որոնք կոչուած են մասնակցելու երկրի ընկերային, տնտեսական եւ հաղորդակցական կեանքին, ինչպէս նաեւ հասնելու ամենէն դժուար իրականութիւններուն, ուր մարդոց կեանքն ու արժանապատուութիւնը առաւել եւս սպառնալիքի տակ են:
Վերադարձ Աւետարանի էականին
Լեւոն ԺԴ.-ի պատգամը, ըստ արժանթինցի առաջնորդին պիտի ըլլայ յատկապէս հովուական: Այցելութիւնը իրապէս առիթ մը պիտի հանդիսանայ հանդիպելու Արժանթինի Եկեղեցւոյ հետ եւ ամրապնդելու անոր առաքելութիւնը:
Պոքալիչ մասնաւորաբար յղում կը կատարէ Evangelii Gaudium-ի եւ քերիկմայի՝ այսինքն Աւետարանի էական աւետման կարեւորութեան: Խոր դժուարութիւններով յակնաշուած աշխարհի մը մէջ, մարտահրաւէրն է վերադառնալ հաւատքի էականին եւ զայն ներկայացնել իբրեւ կենդանի իրականութիւն, որ ընդունակ է ուղղորդելու համայնքներու ընտրութիւններն ու կեանքը:
Խաղաղութիւն, արդարութիւն եւ ուշադրութիւն ամէնէն տկարներուն
Լեւոն ԺԴ.-ի քահանայապետութեան բանալի բառերուն շարքին, կարդինալը կը նշէ նաեւ խաղաղութիւնը: Ոչ թէ խաղաղութիւն մը, որ կը հասկցուի լոկ իբրեւ տագնապներու բացակայութիւն, այլ խաղաղութիւն մը՝ հիմնուած եղբայրութեան, համերաշխութեան եւ արդարութեան վրայ, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով ամենէն աղքատներուն եւ խոցելիներուն:
Հետեւաբար, նոյեմբերեան այցելութիւնը կրնայ Արժանթինի համար ներկայացնել մտածումի եւ նորոգութեան պահ մը:
Պապին պատգամը, ըստ Կարդինալ Պոքալիչի, պիտի օգնէ Եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան՝ մարդ անհատը կեդրոն դնելու եւ ընկերային, քաղաքական ու տնտեսական իրականութիւնները Աւետարանի լոյսին տակ ընթերցելու:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
